Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ յայտնեց, որ հակառակ լիբանանեան մակարդակին վրայ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն, իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման հարցը բոլոր լիբանանցիներուն համար մնաց միասնականացնող:
Եաագուպ շեշտեց, որ Լիպիոյ յեղափոխութեան բռնկելէն ի վեր անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր երկու ընկերակիցներուն մասին դրական տեղեկութիւններ ստացած է:


