Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Կազդուրման Կայան» Ծրագիր

October 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gaztourman_10-01-15

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ 1939-ին ստեղծուած «Կազդուրման կայան» ծրագիրը երկար տարիներէ ի վեր իրագործուող ծրագիր մըն է, որուն նպատակը եղած է կազդուրել այն երեխաները, որոնք վատառողջ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ առիթը չի ներկայացուիր իրենց կազդուրուելու:

Մինչեւ 1975-ի Լիբանանի պատերազմը «Կազդուրման կայան»-ը որպէս վայր կը գործածէր Շթորայի «Աղբալեան» վարժարանը: Հոն էր , որ երեք ամիսներու տեւողութեամբ, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր, շուրջ 150 աշակերտներ կը խնամուէին, առողջարար սնունդ կը ստանային, մաքուր օդ կը շնչէին եւ խումբ մը կամաւոր ուսուցիչներու կողմէ կը դաստիարակուէին յատուկ ծրագիրի մը հետեւելով: Այս ծրագիրը մեծ տպաւորութիւն ձգած է աշակերտներուն վրայ: Անոնք կը յիշեն ԼՕԽ-ի ընձեռած բարիքները եւ կը խոստովանին, թէ ԼՕԽ-ի տարած աշխատանքը անգնահատելի է:

Երբ պատերազմի պատճառով Շթորայի հայութիւնը կը պարպուի եւ բնակարանները կը բռնագրաւուին, նոյն ճակատագիրը կ՛ունենայ «Աղբալեան» վարժարանը: Քանի մը տարիով կը դադրի «Կազդուրման կայան»-ին գործը:

Սակայն շուտով, 1978-ի ամրան կը վերսկսի այս անգամ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի դասարանները օգտագործելով, նոյն թափով կը շարունակուի մինչեւ 2012:

2013-ին, ԼՕԽ-ը կ՛ունենայ իր սեփական շէնքը` բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին  Գըլպաշեաններուն, որոնք Այնճարի պարտէզներուն մէջ հողաշերտ մը գնելով` կը կառուցեն շէնք մը, կազդուրուելու ամէն յարմարութիւններով, կոչելով զայն իրենց ծնողաց` «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» անունով: Նոյն ամրան, հազիւ աւարտած շէնքի կառուցումը, ընկերային յանձնախումբը կը ձեռնարկէ փոքրիկները իրենց հարազատ տան մէջ մէկտեղելու աշխատանքին: Անոնք, թիւով 60, երեք շաբաթներու  տեւողութեամբ, իրենց ամառնային արձակուրդը կ՛անցընեն հոն:

2014 եւ 2015 տարիներուն, շրջանի անապահով կացութիւնը վստահութիւն չի ներշնչեր առաջնորդելու երեխաները դէպի Այնճար, երկար ժամանակով, սակայն ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբը կը ձեռնարկէ միօրեայ պտոյտ մը այս փոքրիկներուն համար: 7 սեպտեմբեր 2015-ին, թիւով 30 աշակերտներ կ՛ուղղուին դէպի Այնճար: Հոն անոնք կը հիւրընկալուին տեղւոյն ճաշարանատէրերուն կողմէ` անուշեղէնով, ճաշով եւ պաղպաղակով: Ապա կ՛այցելեն «Կազդուրման կայան»-ի շէնքը, ուր խմբակ մը, ՀՄԸՄ-ականներու հսկողութեամբ, յատուկ դաստիարակչական խաղերով հաճելի ժամանց կ՛ունենայ եւ նախորդ տարիներու յիշատակները թարմացնելով` կը վերադառնայ տուն:

«Կազդուրման կայան» ծրագիրը հաստատօրէն պիտի շարունակուի յաջորդ տարիներուն նաեւ: Անիկա պիտի ծառայէ իր նպատակին, իր առաքելութեան` հայ փոքրիկը իր հարազատ տան մէջ առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ ունենալու:

Նախորդը

Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

Յաջորդը

ԼՕԽ. Ձեռարուեստի Ու Ճաշի Դասընթացքներու Սեմինարներ Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.