Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ԿԻՆԸ ԻՖԹԱՐՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ը

August 23, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչը, տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան եւ աշակերտներ

Իսլամական Ռամատան ամսուան առիթով, համաձայն յիշեալ կրօնի օրէնքներուն, մարդասիրական ծառայութիւն ցուցաբերելու նպատակով, երկուշաբթի, 22 օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի վարչապետին կինը` Մէյ Նեժիպ Միքաթի, Իֆթարի ընթրիք սարքեց վարչապետարանի շքեղ ճաշասրահին մէջ, որուն մասնակից դարձան Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներն ու բարեսիրական հաստատութիւններու պատսպարեալները` ամէն համայնքէ:

Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց մարդասիրական առաքելութեամբ կը նպաստեն կարօտեալ մանուկներու կենսամակարդակի բարելաւման:

Վերոյիշեալ ընթրիքին մասնակցելու հրաւէր ստացած ըլլալով` «Թռչնոց բոյն»ի աշակերտները ներկայ գտնուեցան, գլխաւորութեամբ հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի: Ճաշկերոյթի ընթացքին Մէյ Միքաթի իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարեսիրական միութիւններու եւ յատկապէս որբանոցներու պատասխանատու մարմիններուն` այն կարեւոր առաքելութեան համար, զոր ստանձնած են Լիբանանի ամբողջ տարածքին:

Յայտագիրին ընթացքին գործադրուեցան նաեւ մանուկները զուարճացնող ծրագիրներ` մանկական խաղեր, թատերական ներկայացումներ եւ մանկական երգահանդէս:

Գրիգոր Ծ.  վրդ. Չիֆթճեան յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մէյ Միքաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց այն ուշադրութեան համար, զոր ան տածած էր հանդէպ «Թռչնոց բոյն»ին` անմասն չձգելով հայ մանուկները Լիբանանի բարձրագոյն մակարդակի գուրգուրանքի արտայայտութիւն եղող սոյն հրաւէրէն:

Նախորդը

ԲԱՐԲԱՐՈՍԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ԹԻՖԼԻՍԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎՐԱՅ

Յաջորդը

ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՄԷՋ, ԲԱՅՑ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵԼՈՎ ՄԵՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.