Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ. ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՄԿՐՏԱՐԱՆԻ ՕԾՈՒՄ` ՁԵՌԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ

August 22, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գեղամ արք. Խաչերեան կը կատարէ մկրտարանին օծումը

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` կիրակի, 21 օգոստոս 2011-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի կատարուեցաւ եկեղեցւոյ վերանորոգուած մկրտութեան նոր աւազանի օծումը:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Յիսուս հաստատեց մկրտութեան խորհուրդը եւ օրինակը տուաւ իր իսկ մկրտութեամբ` աւելցնելով, որ մկրտութիւնը կը նշանակէ վերստին ծնիլ ջուրէն եւ հոգիէն: «Ջուրը կը մաքրէ, իսկ հոգին կ՛ամրապնդէ», բացատրեց սրբազանը` աւելցնելով, որ քրիստոնէական եկեղեցին կը հրաւիրէ մարդը վերածնելու ջուրով` իբրեւ խորհրդանիշ նոր ծնունդի: «Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր զաւակ կը ծնի եկեղեցւոյ աւազանէն, եւ ինչպէս որ ծնունդը մէկ անգամ կ՛ըլլայ, հոգեւոր ծնունդն ալ մէկ անգամ կ՛ըլլայ», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` հաստատելով, որ հայ եկեղեցւոյ աւազանը քրիստոնէական եկեղեցիներու այն աւազանն է, ուրկէ կը ծնին հայ եկեղեցւոյ զաւակները:

«Հայ եկեղեցւոյ աւազանը հայ ժողովուրդին եւ մեր պապերուն հաւատքին ու նկարագիրին վկայարանն ու խորհրդանիշն է», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անիկա քարեղէն աւազան մը չէ, այլ հոգեւոր ծնունդի վայրն է: Ան նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցւոյ մկրտարանները հարազատ արտայայտութիւնը կ՛ըլլան մեր ժողովուրդի հոգիին եւ մտքին, եթէ մենք այդ հաւատքը պահենք: «Եթէ մենք «Հայ մանուկի տարի»ն կ՛ուզենք արժեւորել, պէտք չէ անտեսենք հայ եկեղեցւոյ աւազանը, ուր նաեւ հայկական հոգեւոր դաստիարակութիւն կայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ ընդգծեց, որ երբ հայ եկեղեցին մկրտութիւն կը կատարէ եւ կը դրոշմէ Ս. միւռոնով, հայկականութեան կնիքը կը դրոշմէ Ս. հոգիին դրոշմին հետ: Ան մաղթեց, որ տէր ըլլանք մեր հայրերուն այն հաւատքին զոր անոնք իրենց կեանքով, մարտիրոսութեամբ, նահատակութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով պահպանեցին:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը գինիով, ջուրով եւ միւռոնով օծեց վերանորոգուած մկրտութեան աւազանը:

Ապա սրբազան հայրը` առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն նոր մկրտարանի բարերարներ Սարգիս եւ Ոսկի Կերեքմեզեան ամոլին, անոնց յանձնեց իր «Օրհնութեան գիր»ը:

Նախորդը

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը` dasaran.am ԾՐԱԳԻՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

Յաջորդը

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.