Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Սլէյման Ընդունեց Ժեմայէլը Եւ Այցելեց Մուքպելի

August 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել եւ զօր. Սլէյման
Մուքպել եւ զօր. Սլէյման

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Էլի Մարունիի:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ քննարկած են կառավարութեան յաջորդ նիստին Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Խորհրդակցական հանդիպումի նախարարներուն որդեգրելիք կեցուածքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ան աւելցուց, որ իրենք հանդիպում մը պիտի ունենան նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` նկատի ունենալով, որ այդ նիստը պիտի ըլլայ ճակատագրական:

«Կարեւոր է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ իւրաքանչիւր նախարարի եւ երեսփոխանի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը», նշեց ան` կոչ ուղղելով նկատի ունենալու լիբանանցիներուն ցաւը եւ լուծելու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Իր կարգին, զօր. Միշել Սլէյման ընդգծեց կառավարութեան կողմէ աղբերու թղթածրարը լուծելու իմաստով տրուելիք միացեալ որոշումին կարեւորութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն կենցաղային հարցերուն լուծումներ տրամադրելու կառավարութեան նիստին ընթացքին, նոյնիսկ եթէ այդ լուծումներուն շուրջ համախոհութիւն չգոյանայ:

Միւս կողմէ, զօր. Սլէյման ուղղուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ:

Հանդիպումէն ետք զօր. Սլէյման նշեց, որ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը իրաւացի է իր պահանջներուն մէջ եւ ողջունեց արշաւին պատասխանատուները` ցուցարարներուն միջեւ սադրիչներու միախառնումէն ետք ցոյցին աւարտը յայտարարելու իմաստով:

Ան կոչ ուղղեց պատժելու սադրիչները, որոնք խուլիկանութիւններ կատարած են:

Զօր. Սլէյման հաստատեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ իր վստահութիւնը` շեշտելով, որ բանակի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ տոկալ եւ երկիրը փրկել բոլոր վտանգներէն ու սպառնալիքներէն:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Կառավարութենէն Հրաժարելու Միջոց Է»

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Ամերիկացի Պետական Պաշտօնատար Մը Եւ Ապահովական Կառոյցի Պատասխանատուներ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Լիբանանեան

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.