Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՖՖԸՆՆԵՐԷՆ, ՔՈՒՔԻՆԵՐԷՆ ԵՒ ՔԱՓՔԷՅՔՆԵՐԷՆ ԵՏՔ` ՈՒՈՒՓԻՆԵՐԸ

August 20, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուուփին ալ Միացեալ Նահանգներէն եկած անուշեղէն մըն է: Ամերիկեան նշանաւոր  «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին  կողմէ անիկա ընտրուած է «2010-ի անուշեղէն»ը:

Այս մանր քաղցրեղէնները նուաճած են ամերիկեան խանութներն ու փուռերը:

* * *


Ամերիկացիները շատ կը սիրեն անուշոտ եւ գունաւոր պզտիկ կարկանդակները: Անոնք այդ փոքր կարկանդակները օրուան նորոյթին կը յարմարցնեն, ապա անոնք Ատլանտեանը կտրելով կը հասնին Հին Աշխարհ: Այս ձեւով, մենք գրեթէ բոլոր խանութներուն եւ փուռերուն մէջ կը գտնենք քուքիներ եւ մաֆֆըններ: Իսկ հիմա կարգը եկած է քափքէյքներուն եւ ուուփիներուն:

* * *


Քափքէյքները պզտիկ կակուղ կարկանդակներ են, որոնք գաւաթի նման («քափ» կը նշանակէ գաւաթ, «քէյք»` կարկանդակ) կաղապարներու մէջ շինուած են: Անոնք քաղցր են եւ ծածկուած կարագով եւ փոշի շաքարով պատրաստուած քրէմով մը:

Ուուփիները կը նմանին պզտիկ սանտուիչներուն, որոնց մէջ քրեմ դրուած է: Սկզբնական ուուփին կազմուած է տուրմէ երկու պիսքուիներէ, որոնց միջեւ դրուած է մարշմելոյով քրեմ մը:

 

Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԱԾՈՅԻ ՏՈՒՓ ՄԸ

Խոհագիր. պզտիկ ոլոռներ եւ ստեպղիններ դնել ալիւմինիոմէ տուփի մը մէջ. տուփին մէջի օդը հանել, անմիջապէս գոցել, զայն տաքցնել 120 աստիճան տաքութեամբ` բոլոր մանրէները ոչնչացնելու համար: Այս ձեւով դուք ձեր ոլոռները եւ ստեպղինները պահածոյի վերածած պիտի ըլլաք:

* * *


Այս կերպը հնարած է ֆրանսացի Նիքոլա Ափփեր 1795 թուականին: Այդ ժամանակաշրջանին ուտելիքները կը պահուէին առանց օդի ապակիէ անօթներու մէջ: Ապա, 1810 թուականին, անգլիացի Փիթըր Տուրան կը յղանայ աւելի աժան ճերմակ երկաթէ տուփեր շինելու գաղափարը: Սակայն որովհետեւ ան մոռցած է տուփ բանաիլքը հնարելը… այդ ժամանակ մարդիկ մուրճ մը եւ փորագրելու հաստ գամ մը կը գործածէին տուփերը բանալու համար:

* * *


Առաջին տուփ բանաիլքը յղացաւ ամերիկացի Էզրա Ուարնըր 1858 թուականին: Անիկա սեղանին ծայրը անցուելէն ետք դարձուող, յատուկ կոթով մեքենայ մըն էր: Իսկ մենք այժմ կրնանք գործածել ելեկտրական տուփ բանալիքներ, կրնանք գործածել տուփ բանալիքի չկարօտող պահածոյի տուփեր կամ նոյնիսկ սառեցուած ճաշեր ուտել:

* * *


Սառեցուած ճաշերու պատրաստութեան ընթացքին գործածուած ոճը պահածոներու թեքնիքին հակառակն է: Ուտելիքները, օրինակի համար մեր ոլոռն-ստեպղինները, -35-էն մինչեւ -196 աստիճան ջերմաստիճանի մէջ կը դրուի. այս ձեւով անոնց պարունակած ջուրը կը սառի, եւ այդպիսով փտումը կը դանդաղի: Ապա այս սառեցուած ուտելիքները պէտք է սառնարանին մէջ սառի դարակին մէջ դրուին, նուազագոյնը -18 աստիճանի մէջ:

* * *

Իսկ նոյնիսկ եթէ դուք ոլոռն-ստեպղինները չէք սիրեր, նայեցէք սառի դարակին մէջ… կրնայ ըլլալ հոն պաղպաղակներ ալ կան:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ՄԱՐՇՄԷԼՈՅՈՎ ՈՒՈՒՓԻ

Պէտք ունիս.- 125 կրամ կարագ, 125 կրամ տուրմ, 3 հաւկիթ, 220 կրամ փոշի շաքար, 250 կրամ ալիւր, կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր, 3 ապուրի դգալ լեղի քաքաօ, մարշմէլօ կամ պտուղի անուշ:

Պատրաստութիւն

– Կարագը դնել փոքր կաթսայի մը մէջ, աւելցնել կտրտուած տուրմը:
– Այս երկուքը հալեցնել թեթեւ կրակի վրայ:
– Հաւկիթները դնել խորունկ ամանի մը մէջ, ապա աւելցնել շաքարը:
– Հարիչով շատ լաւ զարնել այս խառնուրդը:
– Այս խառնուրդը տուրմին վրայ աւելցնել` լաւապէս խառնելով:
– Խորունկ ամանի մը մէջ իրարու խառնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը եւ քաքաոն, ապա այս չոր խառնուրդը կամաց-կամաց աւելցնել տուրմի խառնուրդին վրայ:
– Կրակը վառել 180 աստիճանի վրայ:
– Փուռի յատուկ ափսէի մը մէջ կարագ քսել եւ քիչ մը ալիւր սրսկել. պզտիկ դգալով խմորի պզտիկ կոյտեր դնել: Մօտաւորապէս ութը վայրկեան եփել:
– Պիսքուիներուն կէսը հանել ափսէին մէջէն եւ ձգել, որ պաղին: Մնացած պիսքուիները դարձնել ափսէին մէջ, եւ իւրաքանչիւրին վրայ դնել մարշմէլօ մը: Ափսէն փուռին մէջ դնել 2 – 3 վայրկեան կամ մինչեւ մարշմէլոները կակուղնան:
– Ափսէն հանել փուռէն, ձգել, որ պիսքուիները քիչ մը պաղին: Ապա միւս պիսքուիները անոնց վրայ դնել եւ քիչ մը սեղմել իրարու:
– Կարելի է նաեւ մարշմէլոյի փոխարէն երբ բոլոր պիսքուիները քիչ մը պաղին անոնց միջեւ պտուղի անուշ դնել:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

  • Ուղեղի բջիջները շատ աւելի երկար կ՛ապրին, քան` մեր մարմնին մէջ ուրիշ որեւէ մէկ բջիջ:
  • Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, մենք ընդհանրապէս վատ տրամադրութիւն կրնանք ունենալ հինգշաբթի օրերը:
  • Աշխարհի թթուածինին կէսը կը շինուի ովկիանոսին մէջ:
  • Չինաստանի մէջ խճողում մը տեւած է աւելի քան մէկ շաբաթ:
  • Առաջին համակարգիչը թենիսի դաշտի մը նման երկար էր:
  • Միչիկընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, կրնաս ապսպրել չափահաս մարդու մը ծանրութիւնը ունեցող համպըրկըր մը:
  • Սարդերուն մէկ մասը ութ աչք ունի:
  • Անգլիոյ մէջ կարապներուն մեծ մասը թագուհիին կը պատկանի:
  • Երեւակ մոլորակը աւելի քան 60 լուսին ունի:
  • Աշխարհի ամէնէն մեծ ժայռը Աւստրալիոյ մէջ Ուլուրուն է: Անոր բարձրութիւնը հաւասար է 114 յարկանի շէնքի մը:
  • Ճափոնի մէջ մանուկներէ աւելի ընտանի անասուններ գոյութիւն ունին:
  • Վարդի բոյրի նման  անուշ բոյրեր շնչելը քնանալու ժամանակ կրնայ հաճելի երազներ յառաջացնել:
  • Կարմիր ձուկ մը (կոլտֆիշ) մոխրագոյնի կը վերածուի, եթէ երկար ժամանակ մութին մէջ պահուի:

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գիտնալ, թէ որ դրան ետեւը կը գտնուի վագրը` գիտնալով, թէ դուռերուն տակի չորս նախադասութիւններէն երեքը սխալ են:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ա.- Վագրը Բ-ին կամ Գ-ին ետեւն է:
Բ.-  Վագրը Ա-ին կամ Դ-ին ետեւն է:
Գ.- Վագրը հոս է:
Դ.- Վագրը հոս չէ:

 

Մէկ կէտ պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.