
20 սեպտեմբերին մեծ շուքով պիտի նշուի Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակը. այս առիթով յատկապէս կը նախատեսուի բացումը Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած թանգարանին, որ կառուցումէն շուրջ 40 տարի ետք կ՛ենթարկուի շինարարական եւ նախապատրաստական աշխատանքներու: Այդ առիթով ամբողջութեամբ պիտի փոխուի թանգարանին տեսքը, եւ աւելի քան 5000 ցուցանմուշները նոր ձեւով պիտի ներկայացուին:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մուսա լերան հերոսամարտի թանգարանի պատասխանատուներէն Լուսինէ Ոսկանեան ըսած է, որ հերոսամարտին նուիրուած թանգարանի ցուցասրահը պիտի վերածուի խորհրդանշական նաւու, եւ այդ նաւուն տախտակամածին վրայ պիտի ցուցադրուին մուսալեռցիներուն պատմութիւնները:
«Նաւը Մուսա լերան հերոսամարտին մէջ շատ խորհրդանշական է, քանի որ մուսալեռցիները նաւերով փրկուած են, եւ այդ նպատակով որոշում տրուած է հերոսամարտի ցուցասրահը ներսէն վերածել նաւու, որուն վերի հատուածին մէջ պիտի ցուցադրուին կարճ ժապաւէններ հերոսամարտի եւ մուսալեռցիներուն մասին», ըսած է Ոսկանեան:
Հիմնովին պիտի փոխուի նաեւ Մուսա լերան հերոսամարտի Ազգագրութեան ցուցասրահը: Գեղագիտական փոփոխութիւններէն մինչեւ ձեւաւորման նոր ոճերու որդեգրումը աւելի պատկերաւոր ձեւով պիտի ներկայացնէ մուսալեռցիներուն զբաղումները, անոնց գործունէութիւնն ու նախասիրութիւնները:
Ըստ Լուսինէ Ոսկանեանի, «թանգարանում շուրջ 5000 ցուցանմուշ կայ: Դրանք բոլորն էլ թանգարանին են յանձնել մուսալեռցիները: Այստեղ կան գործիքներ, հրացաններ, ձեռագրեր, նամակներ ու նկարներ»:
Ցուցասրահի ամէնէն հին իրը կարի մեքենան է: Թանգարանի աշխատակիցները զայն կը կոչեն «գաղթական», քանի որ հերոսամարտէն ետք ալ երկար ժամանակ անիկա ծառայած է տիրոջ, իսկ այնուհետեւ փոխանցուած թանգարանին: Թանգարանին մէկ անկիւնը իր տեղը պիտի ունենայ մուսալեռցիներու տարազով մետաքսեայ հարսանեկան զգեստը, այլ բաժին մըն ալ պիտի նուիրուի Ֆրանց Վերֆելին:
Երկու ցուցասրահները իրարու պիտի կապեն նորոգուող ոտնուղին ու այգին: Պիտի կառուցուի նաեւ ծաղիկի տեսքով շատրուանը:
Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած նախաձեռնութիւնները սկիզբ պիտի առնեն 19 սեպտեմբերի երեկոյեան, երբ յուշարձանին մօտ տեղի պիտի ունենայ աւանդական հերիսայի պատրաստութիւնը: 20 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան հիմնական նախաձեռնութիւններն ու ձեռնարկները, որոնց կարգին` թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:


