Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միութիւն 2015-Յաղթանակի Ժառանգներ» Հաւաքը Սկսաւ

August 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mi-20_8-17-15

«Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական ռազմամարզական կրթական մրցում-հաւաքի  շուրջ հինգ հարիւր մասնակիցներուն համար 17 օգոստոսը տօնական էր` սկսաւ  հաւաքը: «Միութիւն-2015. Յաղթանակի ժառանգներ-Հայաստան» միջազգային երիտասարդական ռազմամարզական կրթական մրցում-հաւաքը կը կազմակերպուի Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Բացման արարողութեան կը մասնակցէին  Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ղեկավար կազմը` նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  հաւատարմագրուած օտարերկրեայ զինուորական կցորդներ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վեթերաններ եւ բարձրաստիճան այլ հիւրեր:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեան  նշեց. «Հաւաքը նուիրուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին տարած յաղթանակի 70-ամեակին, որ պատմական նշանակութիւն ունի եւ կը միաւորէ մեր ժողովուրդները հոգեւոր առումով, ինչպէս նաեւ բարոյական ուղղորդիչ է յետպատերազմեան սերունդներուն համար` դաստիարակելու զանոնք ընկերութեան եւ եղբայրութեան ոգիով: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ  «Միութիւն 2015-Յաղթանակի ժառանգներ» հաւաքին, որովհետեւ այս հաւաքը իրապէս գործող հայրենասիրական ուղղուածութեամբ միջազգային ծրագիր է, որ հզօր գաղափար ու լիցք կը պարունակէ եւ  կը միաւորէ անցեալն ու ներկան», ըսաւ Օհանեան:

Նշենք, թէ «Միութիւն 2015-Յաղթանակի ժառանգներ» հաւաքին մասնակցող պատանիները մրցումներուն մասնակցելէ բացի պիտի այցելեն նաեւ զանազան թանգարաններ, Ծիծեռնակաբերդ, Էջմիածին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ Մատենադարան:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանը Պատրաստ Է Աշխուժօրէն Համագործակցելու Իրանի Հետ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Մարզին Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Փերուի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.