Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Միջեւ Երկխօսութիւն Կատարելու` Իսլամ-Քրիստոնեայ Հաւասարակշռութիւնը Վերահաստատելու Նպատակով

August 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի պատրիարքը` պատարագի պահուն
Ռայի պատրիարքը` պատարագի պահուն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց երկրին մէջ ընկերային անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ատիկա կատարելու համար պէտք է ընկերային արդարութիւն եւ հաւասարութիւն հաստատել, այլապէս վայրագութիւնը, ահաբեկչութիւնն ու խուլիկանութիւնը պիտի դառնան տիրական:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ քաղաքական իշխանութեան գոյութիւնը արդարացնող հիմնական պատճառը հանրութեան անվտանգութեան ապահովումն է: «Իսկ պետութիւնը կը կանոնաւորուի անոր աշխատանքներուն հսկող հանրապետութեան նախագահով, որ նաեւ կը պահպանէ երկրին սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան:

Ան խստիւ դատապարտեց նախագահական աթոռը թափուր պահելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին կենսոլորտը աղբերով ապականելու ճշմարտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլորին միջեւ երկխօսութիւն կատարելու` իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ Պթատհիի ոճիրին զոհ գացած Սուպհի եւ Նատիմ Ֆախրիներու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի փողոցներուն մէջ կատարեալ վայրագութեամբ դանակոծուած Ժորժ Ռիֆի ոճրագործները խստագոյն պատիժներու ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները` անոնց իրագործած նուաճումներուն համար եւ յոյս յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակուին:

 

Նախորդը

Հըզպալլա Պաալպեքի Մէջ Կը Նշէ Յուլիսեան Պատերազմին Արձանագրուած Յաղթանակին Թ. Տարեդարձը

Յաջորդը

Հըզպալլայի Մարտիկներն Ու Սուրիական Բանակը Կը Շարունակեն Ռմբակոծել Զապատանիի Ահաբեկիչները

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։