Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Յարութիւն Թամրազեան հայկական լրատու աղբիւրներուն հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ կազմակերպիչ կոմիտէն, իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ հոկտեմբերին` Երեւանի մէջ:
«Այս նիստին կոմիտէի անդամները պիտի քննարկեն նոր մարզաձեւերու ընդգրկման կարելիութիւնները: Բացի ատկէ, պիտի քննարկենք ձմեռնային համահայկական խաղեր ալ կայացնելու հարցը», ըսաւ Թամրազեան:
Իսկ Պերճ Հալաճեան (Եգիպտոս), որ իր կարգին անդամ է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին, կ՛ըսէ. «Հինգերորդ խաղերը աչքի ինկան իրենց կազմակերպուածութեամբ: Մեզի կ՛ուրախացնէ այն փաստը, որ մասնակցողներուն քանակը աւելցած է եւ մարզիկներուն մօտ միշտ ներկայ է յաղթելու ցանկութիւնը: Կը կարծեմ, որ յառաջիկային իւրաքանչիւր համահայկական խաղերուն անոնք հետզհետէ պիտի ըլլան աւելի բարձր մակարդակի»:


