Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԻՒՐԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ, ԴԺՈՒԱՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

August 18, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն անգամ, որ հայութիւնը տագնապալի օրեր կ՛ապրի, մեր ժողովուրդը արդարօրէն կ՛ակնկալէ, որ անոնք, որոնք կը յաւակնին իր ղեկավարութիւնը հանդիսանալ, բա՛ն մը ընեն, նուազագոյնը` բա՛ն մը ըսեն, ուղղութիւն մը ցոյց տան, անելէն դուրս գալու միջոց մը մատնանշեն, յո՛յս ներշնչեն:

Մինչեւ վերանկախացում` հայ ազգը իր աւանդական կուսակցութիւններէն էր, որ ունէր այդ ակնկալութիւնը, քանի որ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը ինքզինք չէր նկատեր, չէր կրնար նկատել ամենայն հայոց կառավարութիւն, մինչ սփիւռքի մէջ փաստօրէն ազգային կուսակցութիւններն էին, որ կը հանդիսանային գէթ տարագիր հայութեան ղեկավարութիւնը, որքան ալ ժամանակի ընթացքին պիտի տկարանային անոնք, ոմանք աւելի, ոմանք պակաս, ու իրենց ազդեցութիւնն ալ պիտի նուազէր: 1991 թուականը անկիւնադարձ մը եղաւ, եթէ ոչ իրողապէս, գոնէ` հոգեբանական առումով, ու բոլորս ակնկալեցինք, որ Հայաստանը տէր կանգնի համայն հայութեան, եւ մեր հայեացքները դարձան դէպի Երեւան: Այս փոփոխութիւնը այնպիսի տարերային բնոյթ ունէր, որ հարց տրուեցաւ նոյնիսկ, թէ մեզի ծանօթ կուսակցութիւնները այլեւս գոյութեան իրաւունք ունէի՞ն…

Այսօր, երբ առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը տակաւին չեն իրականացած` շուրջ դար մը ետք, եւ Հայաստանէն արտագաղթին ու սփիւռքի ապահայացման բերմամբ կը գտնուինք երկրորդ` շարունակակա՛ն ցեղասպանութեան մը վտանգին առջեւ, անկասկած` որպէս ուղղակի հետեւանքը առաջինին, կը թուի, թէ ազգովին շուար ու շփոթ վիճակի մը մէջ ենք, ու չենք գիտեր` ո՛ւր դառնանք, որո՛ւ ապաւինինք, որմէ՛ սպասենք մեր հարցումներու պատասխանները: Ո՞վ է մեր ղեկավարութիւնը, որ մեզի ուղղութիւն մը պիտի տայ, որ` մեր այս անյուսալի թուացող իրավիճակէն դուրս պիտի բերէ:

Այս անորոշ վիճակին չի նպաստեր նաեւ այն, որ հոս ու հոն, թէկուզ` լաւագոյն տրամադրութիւններէ մղուած, անհատներ ու փոքր խմբաւորումներ, հրապարակ կու գան զանազան ելոյթներով ու նախաձեռնութիւններով, որոնք մեզ համախմբելու փոխարէն կ՛առաջնորդեն ա՛լ աւելի կոտորակման: Անոնց մէջ ամէնէն վտանգաւորը այն մօտեցումն է, որ կ՛ուրուագծուի, թէ Հայաստանէն ակնկալելիք չունենանք, եւ սփիւռքը ի՛նք նայի իր գլխուն ճարը:

Ճիշդ ա՛յս կէտին վրայ ալ յամենանք ու փորձենք պատասխանել այն հարցումին, որ գէթ այն կուսակցութիւնը, որուն զինուորեալներն ենք, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ի՞նչ կրնայ ընել, ի՞նչ ունի ընելիք:

Հայաստանի վերանկախացումը պահ մը ոմանց մտքին մէջ ստեղծեր էր այն թիւրիմացութիւնը, թէ իրականացած է Դաշնակցութեան նպատակը, եւ ան այլեւս Հայաստանի պետականութեան պէտք է թողու հայութեան քաղաքական ասպարէզը ղեկավարելու պարտականութիւնը: Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ճիշդ ու ճիշդ թիւրիմացութիւն մըն էր ատիկա, գէթ` առ այժմ:

Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ մշակութային տեսակէտէն Դաշնակցութեան նպատակները, որոնք ուրիշ այլ բան չեն, քան` հայութեան նպատակները, շատ հեռու են իրականացած ըլլալէ: Հայապատկան հողերուն մեծամասնութիւնը կը մնայ բռնագրաւեալ: Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելքը փոքր մաս մը, միայն փոքր մաս մը իրողապէս ազատագրուեցաւ արեան գնով, սակայն այդ նոյնիսկ, այսինքն` Արցախը, տակաւին չէ ամրագրուած իրաւապէս. հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դուրս կը մնայ իր հողերէն, ցրուած` աշխարհի բոլոր կողմերը, ենթակայ ուծացման, իսկ իր հողերուն վրայ գտնուող հայութիւնն ալ մեծ թափով կը հեռանայ անոնցմէ, կամայ ակամայ, ա՛լ աւելի հեռացնելով «Ամբողջական հայութիւն, ամբողջական Հայաստան» երազին իրականացումը: Աւելի՛ն. անկախանալով` մեր փոքրիկ հանրապետութիւնը չունեցաւ, տակաւի՛ն չունեցաւ ընկերային արդար հասարակարգ մը, ուր հայ քաղաքացին ապահով զգայ, իրաւատէր զգայ, զգա՛յ, որ ինք այդտեղ պիտի ապրի ու ստեղծագործէ անկաշկանդ, եւ հո՛ն տեսնէ իր զաւակներուն ալ ապագան: Առանց նման զգացումներ սնուցելու` ո՞ր երկիրը կրնայ պահել իր քաղաքացիները…

Ուրեմն, եթէ չէ իրականացած նպատակը, ապա անհեթեթ կը դառնայ հարցումը. ի՞նչ ունի ընելիք…

Ոմանք դատապարտեցին այս կուսակցութիւնը, որ ան իր նպատակը հետապնդելու փոխարէն` մտաւ Հայաստանի քաղաքական կեանքի թոհուբոհին մէջ եւ դարձաւ այնտեղ գործող կուսակցութիւններէն մէկը պարզապէս, փոխանակ լծուելու միայն իր գաղափարաբանութիւնը քարոզելու եւ ժողովուրդը դաստիարակելու աշխատանքին, կամ նոյնիսկ` իր գործունէութիւնը միայն սփիւռքի մէջ սահմանափակելու:

Սակայն կուսակցութիւն մը տեսական ոլորտին մէջ չէ, որ կ՛ապրի: ՀՅԴ-ն գործի՛ ու գործո՛ղ կազմակերպութիւն էր արիւնոտ գոյամարտի օրերէն ի վեր, այդպէ՛ս մնաց սփիւռքի մէջ ամբողջ իր կեանքին ընթացքին, եւ լոկ այդպէս կրնայ շարունակել արդարացնել իր գոյութիւնը ներկայ ժամանակներուն: Միայն հայրենի կեանքի առօրեային մաս կազմելով, տագնապները ապրելով, անոր մեծ ու փոքր հարցերուն լուծումներ առաջադրելով ու իր ամբողջ ուժերը այդ առաջադրանքները իրականացնելու ծառայեցնելով է, որ ան կրնայ տակաւին անելիք ունենալ:

Եւ եթէ այսօր մեր հայեացքը նաե՛ւ իրեն կ՛ուղղուի մեզ մեր ներկայ անելէն դուրս բերելու համար, ամէնէն աւելի իր առաքելութեան նուիրուելով` հայութեան ամբողջ ներուժը համախմբելու, բոլորին ամբո՛ղջ կարողականութիւնը հայութեան գերխնդիրներու լուծման տրամադրելու ի գի՛ն է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կրնայ իր պատմական ու ճակատագրական դերը խաղալ այս օրերուն: Քով քովի բերել ազգի լաւագոյն ուժերը, իշխանութեան վրայ ըլլան անոնք թէ ընդդիմադիր, Հայաստանի մէջ ըլլան անոնք թէ սփիւռքի, քաղաքական դէմքեր ըլլան թէ անկախ մտաւորականներ (այնքան ատեն որ կը տագնապին մեր ցաւերով ու հիմնահարցերով), ստեղծել համախոհութիւն` ազգային ռազմավարութեան մը ի խնդիր եւ ոտքի հանել համայն հայութիւնը` տէ՛ր կանգնելու համար իր երկրին, իրաւունքներուն եւ ապագային:

Ո՛չ մարդուժը կը պակսի, ո՛չ ալ նիւթական միջոցները` հրաշք գործելու համար: Կը մնայ կա՛մքը ունենալ ասիկա իրագործելու համար: Այդ կամքի դրսեւորումն է, որ կ՛ակնկալուի Դաշնակցութենէն, ու մենք` զինուորեալներս ամէն զոհողութեան պատրաստ պէտք է ըլլանք այդ նպատակին համար:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նախորդը

ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ` 31-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ՈՒՂԵԳԻԾԻ ՀԵՏԵՒՈՒՄՈՎ

Յաջորդը

ՀԱՅԵԱՑՔ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ. Ո՞ՐՆ Է ՄԵՐ «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԱԶԸ» ԿԱՄ` ՆՈՐ ՇԱՐԱԴՐԱՆՔԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.