Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հիւսիսը Թռիչքներու Մասնակի Արգիլեալ Գօտի՞. Թրքական Ոստիկանութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Մեծ Արշաւ Մը Շղթայազերծեց

July 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-24-15_Turkey

«Անատոլու» հաղորդեց, որ երէկ ուղղաթիռներու աջակցութեամբ եւ հազարաւոր ոստիկաններու մասնակցութեամբ, Թուրքիոյ 16 նահանգներու մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ ՔԱԿ-ի անդամներուն դէմ շղթայազերծուեցաւ արշաւ մը, որուն ընթացքին Պոլսոյ Պաղչըլար շրջանին մէջ սպաննուած է Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի անդամ կին մը: Ձերբակալուած են աւելի քան 297 կասկածելիներ:

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արեւմտեան Իզմիր եւ Պուրսա նահանգներուն մէջ ձերբակալուած են ՔԱԿ-ի 16 անդամներ: Պոլսոյ մէջ արշաւին մասնակցած են 5 հազար ոստիկաններ, որոնք 16 հասցէներ ներխուժելով ձերբակալած են 90 անձեր, ներառեալ` 30 օտարահպատակներ: Անթալիոյ մէջ ՔԱԿ-ի անդամակցութեան կասկածներով ձերբակալուած են առնուազն երկու անձեր, ներառեալ` պատանի մը:

Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնները «ՔԱԿ-ի եւ առնչակից տարրերու, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան լուսանցքային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ շահագործուած են»: «Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Թուրքիոյ հանրապետութեան պետութիւնը վճռակամ է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան, ՔԱԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ այլ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութեանց դէմ իր բազմաբեւեռ պայքարին մէջ: Մեր ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար ամէն տեսակի քայլեր կ՛առնուին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ նաեւ կը շեշտէ. «Վճռակամ ենք անխտիր պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի եւ քիւրտ զինեալներուն դէմ»: Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ միաժամանակ արձանագրուած գործողութիւնները առնչուած էին «կազմակերպութեանց ցուցմունքով տեղի ունեցած ապօրինի ցոյցերուն», եւ «ապահովական ուժերուն դէմ զինեալ յարձակումներուն, որոնց պատճառով ապահովական մարմիններու հինգ անդամներ նահատակուեցան»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու աւելի ուշ յայտարարեց, որ այդ գործողութիւնները սպաննուած թուրք ոստիկաններու եւ սպաներու վրէժը լուծելու համար են:

Թրքական Օդուժը Կը Ռմբակոծէ Սուրիոյ Մէջ
ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքեր

Վարչապետարանի գրասենեակը նաեւ հաղորդեց, որ թրքական օդուժէն երեք «Էֆ-16»-ներ առաւօտեան ժամը 03:12-ին Տիգրանակերտի զօրակայանէն թռիչք կատարելով հարուածած են Սուրիոյ մէջ երեք կեդրոնատեղիներ:

Թուրք պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած է, որ Թուրքիոյ դաշնակիցները նախօրօք տեղեակ պահուած են օդային յարձակումէն: Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը կը գտնուէին Սուրիոյ Հաւար գիւղին մօտ: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ թրքական կործանիչները հրթիռները արձակած են առանց մուտք գործելու Սուրիոյ օդային տարածք: Օդային հարուածէն ժամեր առաջ Քիլիսի մօտ գտնուող նոյն շրջանին մէջ տեղի ունեցած էր թրքական բանակ-ՏԱՀԵՇ բախում մը, որուն մասնակցած էին թրքական չորս հրասայլեր:

Միւս կողմէ, Օպամա-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Թուրքիա համաձայն գտնուեցաւ Ինճիրլիքի զօրակայանը բանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող դաշնակից ուժերուն դիմաց: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը կը ներառէ նաեւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վերեւ թռիչքներու մասնակի արգիլեալ գօտի մը: Աղբիւրներ մեկնաբանելով Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչի 22 յուլիսի Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի ժողովէն ետք նշած ապահովական քայլերը` նշեցին, որ նշեալ գօտին պիտի ընդգրկէ Սուրիոյ Մաարայէն Ճարապլուս քաղաքներ երկարող 90 քիլոմեթրը եւ պիտի ունենայ 40-50 քիլոմեթրի խորութիւն:

Տաւութօղլու նշեց. «Թրքական կողմը Ամերիկայի հետ կապի մէջ էր ապահովական գօտիի ստեղծման եւ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ միջոցառումներ ու նախազգուշական քայլեր առնելու հարցերով»:

«Գործողութեան մասնակից բոլոր թուրք օդաչուներէն պահանջեցինք միայն ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը հարուածել, հակառակ անոր որ մեր կարողութիւնները մեծ են, սակայն մեր օդաչուները հարուածեցին պահանջուած թիրախները», ընդգծեց Տաւութօղլու:

 

 

Նախորդը

Ծերակոյտին Մէջ Քուպա Ճամբորդութիւններն Ու Առեւտուրը Արտօնող Օրէնքի Վաւերացման Առաջին Քայլ

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը Կը Քննադատէ Կառավարութեան Սխալ Ընթացքը

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.