Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2014-ը Երկիր Մոլորակի Ամէնէն Տաք Տարին Եղած Է

July 22, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-20-15_Weather«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Սայընս Տէյլի» պարբերաթերթը, կը հաղորդէ, որ 2014-ը Երկիր մոլորակի կլիմայական փոփոխութեան հիմնական ցուցանիշները` հողի եւ Ովկիանոսի ջերմաստիճանի բարձրացումը, ծովու մակարդակի եւ ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը, շարունակեցին մատնանշել Երկիր մոլորակի տաքնալը:

Այդպիսի վկայութիւններ ամփոփուած են Ամերիկեան օդերեւութաբանական հասարակութեան «2014-ի կլիմայի վիճակը» տարեկան զեկուցումին մէջ:

Զեկուցումին մէջ կիրարկուած են 58 երկիրներէ 413 գիտնականներու հետազօտութիւններուն արդիւնքները` ներառելով օդի ջերմաստիճանի, նշանաւոր եղանակով պայմանաւորուած դէպքերու, օդերեւութաբանական կայաններու տուեալները եւ այլ չափորոշիչներ:

Տարեկան ամփոփ զեկուցումին մէջ տեղ գտած տուեալներուն համաձայն, 2014 թուականին շարունակուած է ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը` գերազանցելով 1990-ին որոշուած առաւելագոյն ծաւալը, առաւել քան քսան երկիրներու մէջ արձանագրուած է յաւելեալ տաք տարի, ինչ որ գերազանցապէս զգացուած է հարաւային կիսագունդին մէջ: Ծովու մակերեսի ջերմաստիճանը նոր մրցանիշներ արձանագրած է, ինչ որ առաւելապէս զգացուած է Խաղաղական ովկիանոսի հարաւային հատուածին մէջ, իսկ ծովուն մակարդակը շարունակած էր բարձրանալ` տարեկան աւելնալով 3,2 մմ: Իսկ Հիւսիսային բեւեռի սառոյցներու հալքը 1998-2010 թուականներուն հետ համեմատած սկսած էր 20-30 օր աւելի կանուխ:

Նախորդը

100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Շուրջ Հարցազրոյց. «100-Ամեակի Պետական Եւ Լիբանանի Յանձնախումբերուն Միջեւ Նախապատրաստական Աշխատանքը Նախօրինակ Ծառայեց Այլ Համայնքներու Համար» Ըսաւ Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Ողողումի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 30-ի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.