Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի Ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վանաձորցի Գոռ Յարութիւնեան տիրացաւ արծաթ մետալին, երբ 60 քկ դասակարգին մէջ աւարտականին պարտուեցաւ ռուսահայ Արամ Գրիգորեանէն:
49 մասնակցողներուն մէջ ան յաջորդական չորս յաղթանակ արձանագրելէ ետք վերջին ճակատումին պարտուեցաւ:


