Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՅՈ՞ ԵՐԹԱՍ, ՊՐՆ. ԷՐՏՈՂԱՆ

August 17, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 29 յուլիսի երեկոյեան, թրքական զինեալ ուժերու նախկին հրամանատարը` զօրավար Ըշըք Քոշաներ, ցամաքային ուժերու, օդուժի եւ ծովուժի հրամանատարութեան հետ քաղաքական աննախընթաց երկրաշարժ մը յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ. անոնք պահանջեցին «կանխահաս հանգստեան կոչում»: Միայն Նեճտեթ Օզել պահեց իր պաշտօնը` իբրեւ ապահովական ուժերու հրամանատար, յարաբերաբար աւելի ցած աստիճանի դիրք մը` զինուորականութեան մէջ:

Նոյն ատեն, Օզել նշանակուեցաւ բանակի հրամանատար, ինչպէս նաեւ ժամանակաւոր ղեկավարը` թրքական զինեալ ուժերուն: Ցնցումի ալիքները տակաւին երկար ատեն պիտի զգացուին` հակառակ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վստահեցումներուն:

Զինուորական գերագոյն խորհուրդը երկուշաբթի, 1 օգոստոսին, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ժողով գումարեց, բայց 5 թափուր աթոռներ կային 14 տեղնոց սեղանին շուրջը:

Ապացուցուեցաւ զինուորականութեան դժգոհութիւնը, որ չափազանց խոր էր. աւելի քան 250 միջին եւ բարձրաստիճան սպաներ այժմ նախադատավարական կալանքի ենթարկուած են` Էրտողանի դէմ պետական ենթադրեալ յեղաշրջում ծրագրելու ամբաստանութեամբ: Անոնք կը բաժնեն ճակատագիրը այն լրագրողներուն եւ մտաւորականներուն, որոնք բանտարկուած են (ոմանք` երկու տարիէ ի վեր) առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ է իրենց դէմ ուղղուած մեղադրանքը: Ատոր համար ալ կայ կասկածը, որ թրքական զինուորականութեան (երկրին մէջ հակաժողովրդավարութեան վերջին պատնէշներէն մէկը) դէմ առնուած քայլերուն յաջողութեան համար ուրախանալը փաստօրէն անտեղի է:

Զինեալ ուժերը մասնաւորաբար հակակշիռ են կառավարութեան եւ ընկերութեան մէջ աճող կրօնական ազդեցութեան:

Կայ աճող այն մտահոգութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ կարգը, հիմնուած` աշխարհիկ սկզբունքներու եւ «եկեղեցի-պետութիւն խիստ տարանջատում»ի (այս պարագային` կրօն-պետութիւն. Ա.) վրայ, վտանգուած է: Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրին` Քեմալ Աթաթիւրքի շղթայազերծած երկրի յեղափոխական արդիականացումը եւ արեւմտամէտ արեւելումը սկսած է քանդուիլ:

ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՈՒՂԻ

Ո՞ւր կ՛երթաք ասոր հետ, պրն. Էրտողան: Վարչապետը ուրկէ՞ պիտի սկսի, ընտրական իր յաղթանակէն ետք, երբ շուրջ 50 առ հարիւրը զինք դարձուց իսկական ժողովրդավարական օրինաւոր միապետի:

Աճող ճնշումը այլախոհներու, քննադատողներու եւ լրատու միջոցներու վրայ` լաւ գուշակութիւններու առիթ չեն տար: Եթէ Էրտողանի պահպանողական-կրօնական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շահի քանի մը ընդդիմադիր օրէնսդիրներ, երեսփոխաններ, վարչապետը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ սահմանադրութիւնը եւ հանրաքուէի վաւերացումով պիտի կարենայ ստեղծել Թուրքիոյ նախագահական հանրապետութիւնը:

1960 թուականէն ի վեր երեք պետական հարուածներ կատարելով, եւ յաւելեալ ապստամբութիւններ սպառնալու միջոցաւ անընդհատ միջամտութիւններ կատարելով ժողովրդավարական հոլովոյթին մէջ, անվիճելի փաստ կը դառնայ, որ Թուրքիոյ զինուորականութիւնը միշտ լաւ չէ ծառայած երկրին: Այնուհանդերձ, բանակը միշտ նկատուած է երաշխիք մը` կանխարգիլելու արեւմտեան չափանիշներէն, ժողովրդավարութենէն եւ օրէնքի գերակայութենէն ետդարձ կատարելու ամէն փորձ: Այս երաշխիքը այլեւս առկայ չէ:

Կը մնայ տեսնել, թէ Էրտողան արդեօք իր իշխանութեան հետ պատշաճ պիտի վարուի՞: Բայց եթէ Թուրքիա գիծէն դուրս գայ եւ ժողովրդավարութիւնը տկարանայ, այն ատեն Եւրոպա մեղսակից  պիտի ըլլայ:

Թուրքիա չափազանց խոր յուսախաբութիւն ապրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր ձախող ջանքերուն համար: Հիմնաւորումը, արդարացումը (որովհետեւ իր իսլամ մեծամասնութեան ու տարբեր մշակութային արմատներուն պատճառով Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը տակաւին կարելի չէ) Թուրքիան հեռացուցած է Եւրոպայէն:

Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու նախկին նպատակը շատոնց մէկդի դրուած է: Բայց այն փաստը, որ թուրքերը իսլամ են, բնաւ հարց չէ եղած, երբ անոնց արտօնուած է միանալ ՕԹԱՆ-ին եւ Եւրոպական խորհուրդին:

Թուրքիոյ ինքնավստահութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի ուժեղ է, մղուած` տնտեսական աճով եւ հսկայական աշխարհառազմավարական նշանակութեամբ:

Արդեօ՞ք Էրտողան այս ուժերը պիտի կարենայ լաւ ղեկավարել, թէ՞ պիտի կորսնցնէ իր հակակշիռը իրականութեան վրայ:

Սպասենք եւ տեսնենք:

ՊԱՀԱ ԿԻՒՆԿ

«Տէօչէ Վելլէ»

Նախորդը

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

Յաջորդը

ԶԵՐՕ ԽՆԴԻՐՆԵՐ, ՀԱՐԻՒՐ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։