Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Արսենալի մարզիչ Արսեն Վենկեր եւ ակումբին միջնապահներէն Սամիր Նասրի կրնան կախակայուիլ` նկատի ունենալով, որ Պարսելոնայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին աւարտին («Չեմփիընզ Լիկ») իրաւարարներուն հետ վիճաբանելէ ետք անոնք յայտարարութիւններ կատարեցին:
Կը կարծուի, որ կարմիր քարտ ստացած յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի իր կարգին պիտի կախակայուի, որովհետեւ ան օրուան գլխաւոր զուիցերիացի իրաւարարին` Մասսիմօ Պուսաքքային ըսած էր, թէ ան այդ մրցումին ամբողջ տեւողութեան «գէշ» եղած էր:
Անոնք բողոքեցին իրաւարարին տուած որոշումին համար` ըսելով, որ Վան Փերսիի ստացած կարմիր քարտը արդար չէր:


