Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Այսօր Պիտի Նախագահէ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստին

July 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հէյլ, Հոքշթայն եւ Սալամ
Հէյլ, Հոքշթայն եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին մասին երէկ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ բողոքի նամակ մը յղեց վարչապետ Սալամին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ ընդունեց ուժանիւթի հարցերու միջազգային համադրող ամերիկացի պատուիրակ Ամոս Հոքշթայնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բնական կազի եւ քարիւղի արտահանման կարելիութիւնները:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստին կապուած խնդիրներ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ալի Աուատ Ասիրի եւ Մոհամետ Պատրէտտին Զայետ:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ նախանցեալ երեկոյեան հովանաւորեց Իսլամական որբանոցի ռամատանեան իֆթարը, որուն ընթացքին շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ լիբանանցի իսլամները օր մը օրանց ծայրայեղական չեն եղած, այլ` էին եւ կը մնան երկխօսութեան եւ համախոհութեան ջատագովներ: «Հետեւաբար մենք իսլամականութեան անունով կրնանք շեշտել, որ մեր միջավայրին մէջ ահաբեկչութիւնը եւ ծայրայեղականութիւնը չեն ընդգրկուած, իսկ իսլամականութեան անունով հնչած վայրագութեան որեւէ արարք անհիմն եւ անճիշդ կը նկատուի», ըսաւ ան:

Լիբանանեան առումով, վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն  զգաստանալու եւ մտածելու Լիբանանի ազգային շահերուն մասին: Ան վերահաստատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի եւս ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«Կը հաստատենք լիբանանցիներուն, որ երկիրը եւ անոր սահմանները ապահով են, ինչպէս նաեւ կը շեշտեմ, որ մենք տակաւին կը շարունակենք առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձի թղթածրարը հետապնդել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ առկայ երկխօսութիւնը դրական երեւոյթ մըն է եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա շարունակուի:

«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին վերադառնալու իրենց խիղճին եւ պատասխանատու մօտեցումով վարուելու` հեռու մնալով երկրորդական հարցերու պատճառով ստեղծուելիք հաւանական խոչընդոտներէն եւ արգելակումներէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խորհրդարանի օրէնսդրական արտակարգ նիստի մը պահանջը դարձած է անհրաժեշտութիւն:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Իր Նիստը Պիտի Գումարէ Եւ Սահմանադրութեան Համաձայն Որոշումներ Պիտի Տայ»

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Օպամայի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Խախտելու Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Նախայարձակումին Նկատմամբ Լռութիւնը

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.