Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Իր Նիստը Պիտի Գումարէ Եւ Սահմանադրութեան Համաձայն Որոշումներ Պիտի Տայ»

July 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան նիստէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանին բացումէն ետք ինք խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստերու` ընդգծելով երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: «Բոլոր մարզերուն մէջ անհրաժեշտ է գործադրել երկրին սահմանադրութիւնը», հաստատեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ քարիւղի թղթածրարին` շեշտելով, որ Լիբանանի բնական հարստութիւններուն դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն պէտք է դիմադրել լիբանանեան միացեալ կեցուածքներով:

Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստին մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ այնքան ատեն որ կառավարութեան անդամներուն աւելի քան երկու երրորդը ներկայ է, ապա նախարարաց խորհուրդը իր նիստը պիտի գումարէ եւ սահմանադրութեան համաձայն որոշումներ տայ:

Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին հաւանական է, որ  անդրադարձ կատարուի ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումներուն, եւ այդ մասին խորհրդակցութիւններ կատարուին, «իսկ եթէ որոշ նախարարներ նիստը լքեն, ապա նախարարաց խորհուրդը կրնայ շարունակել իր ժողովը, այնքան ատեն որ սահմանադրական իմաստով նախարարներուն օրինաթիւը գոյութիւն ունի», աւելցուց Պըրրի:

Խորհրդարանի օրէնսդրական արտակարգ նստաշրջան մը սկսելու առումով Պըրրի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը պէտք չունի այդ հարցը քննարկելու, որովհետեւ ան կրնայ այդ պահանջը ներկայացնել կառավարութեան անդամներուն կէս առաւել մէկին եւ վարչապետին պահանջով:

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Կասեցուց Արսալի Դէմ Ժապհաթ Նուսրայի Յարձակում Մը Եւ Ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Այսօր Պիտի Նախագահէ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.