
Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի հետ քննարկեց երկրին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերու իրավիճակը եւ այս մարզին բարելաւման կարիքներն ու միջոցառումները:
Նախագահը երէկ նաեւ ընդունեց Ֆրանսայի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջեւ յարաբերութիւնները:


