
Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ ակումբին մաս կազմող Էտկար Մանուչարեան, մէկ տարուան համար փոխ տրուեցաւ Ուրալի, որ մաս կը կազմէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին: Անոր նոր կազմը այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը:
24 տարեկան Մանուչարեան, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, երէկ իր վերջին փորձերը կատարելէ ետք մեկնեցաւ Հայաստանէն:
Նշենք, որ ներկայիս Ուրալի մաս կը կազմեն նաեւ հայազգի ֆութպոլիստներ Նիքոլայ Սաֆրոնիթի եւ Տենիս Թումասեան: Նախորդ տարեշրջանին խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Արտակ Ալեքսանեան (այժմ` Փիւնիկի միացած):


