
Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Քամել Զըղիար մարզական լրագրողներու հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ֆետերասիոնը կ՛ուզէ, որ պրազիլցի Զիքօ նշանակուի երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Իրաք կ՛ուզէ այժմէն իսկ նոր մարզիչով մը օժտուիլ, որպէսզի կարենայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն լաւ արդիւնք արձանագրել: Ասիոյ գօտիի զտումի մրցումները պիտի սկսին յառաջիկայ 2 սեպտեմբերին: Իրաք, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Յորդանանը, Չինաստանը եւ Սինկափուրը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 58 տարեկան Զիքօ խանդավառ կը նկատուի այս պաշտօնը ստանձնելու` նկատի ունենալով, որ անոր եղբայրը` Էտու, որ Միջին Արեւելքի մէջ աշխատած է, կ՛ըսէ, որ այդ մէկը լաւ եւ հետաքրքրական առաջարկ մըն է:
Զըղիարի հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Զիքօ ըսաւ, որ թէեւ Իրաք լաւ ֆութպոլիստներ ունի, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը երկրէն դուրս կը գտնուի եւ մաս կը կազմէ օտար ակումբներու:


