Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

March 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Պոլսոյ մէջ երկու փաստաթուղթեր նոր լոյս սփռած են Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու խախտումներուն վրայ: Այդ զեկուցումներուն հեղինակները զգուշաւոր, սակայն ճիշդ գնահատական տուած են հայկական, յունական եւ հրէական համայնքներուն դիմաց ծառացած հիմնախնդիրներուն:

«Զեկուցում` ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ» խորագիրը կրող առաջին փաստաթուղթը թուագրուած է 2011 փետրուար: Անոր հեղինակներն են երեք յայտնի պոլսահայեր` Գրիգոր Տոշեմեչեան, Երուանդ Էօզուզուն եւ Մուրատ Պեպիրօղլու:

Հեղինակները նպատակ ունէին Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնախնդիրներուն լուծում գտնել ճիշդ այն ժամանակ, երբ կառավարութիւնը կը նախապատրաստուէր վերատեսութեան ենթարկելու սահմանադրութիւնը` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իր կարելիութիւնները բարձրացնելու համար: Թէեւ հեղինակները չեն նշեր, թէ արդեօք իրենց զեկուցումը ներկայացուա՞ծ է թուրք պաշտօնեաներուն, սակայն իշխանութիւնները, անկասկած, տեղեակ են այդ զեկուցումի բովանդակութեան: Անիկա թրքերէնով տեղադրուած է Պոլսոյ մէջ գործող hyetert.com կայքէջին վրայ: Ստորեւ թարգմանաբար ներկայացուած են զեկուցումին հիմնական կէտերը.

– Ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն առջեւ ծառացած դժուարութիւնները հեղինակները կը կապեն 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման հետ` իբրեւ միաձոյլ, միատարր պետութեան, որ հիմնուած էր մէկ մշակոյթի եւ մէկ կրօնի վրայ: Այդ քաղաքականութիւնը լուրջ հետեւանքներ ունեցած է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ` անոնց ստիպելով երկրէն փախչիլ կամ ձուլուիլ:

– Ոչ մահմետական փոքրամասնութիւնները կը դիտուէին կա՛մ իբրեւ օտարերկրացիներ, կա՛մ իբրեւ պետութեան ներքին թշնամիներ: Կարելի չէ գտնել ոստիկան մը կամ սպայ մը, որ փոքրամասնական որեւէ խումբի անդամ ըլլայ: 1934-ին Թրակիայէն հրեաներու տեղահանութիւնը, 1942-ին փոքրամասնութիւններու ունեցուածքէն ահաւոր չափի հարկերու գանձումը եւ 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին, Պոլսոյ մէջ յոյներու վրայ կատարուած լայնածաւալ յարձակումները յանգեցուցին ոչ միայն այս համայնքներու աղքատացման, այլ նաեւ անոնց մշակոյթի քայքայման: Այսպիսի խտրական քաղաքականութեան եւ դաժան յարձակումներու պատճառով, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ` 1927-ին 350 հազարէն հասնելով մինչեւ ներկայի 80 հազարին, մինչ թուրքերուն թիւը աւելցաւ վեց անգամով:

– Հեղինակները կը նշեն, որ թրքական կառավարութիւնը վերջերս վերադարձուցած է փոքրամասնութիւններուն պատկանող քանի մը կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած էին 1974-էն ի վեր: Սակայն փոքրամասնութիւններու այդ հաստատութիւններուն մասին նոր օրէնքին մէջ առկայ հակասութիւններուն եւ թերութիւններուն պատճառով վերադարձուած կալուածները չեն կրնար շահաւէտ ըլլալ, որովհետեւ ոչ մէկ համայնքի թոյլ կը տրուի զանոնք վերանորոգել:

– Կառավարութիւնը նաեւ խախտած էր Լոզանի համաձայնագիրի 41-րդ եւ 42-րդ յօդուածները, որոնցմով Թուրքիան պարտաւոր էր ֆինանսաւորում եւ կարելիութիւններ ապահովել ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն` կրթական, կրօնական եւ բարեգործական նպատակներու համար, ինչպէս նաեւ պահպանել անոնց կրօնական հաստատութիւնները: Բացի Լոզանի համաձայնագիրէն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարունակաբար կը խախտէ նաեւ ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովներուն եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական խորհուրդի շարք մը դրոյթները:

– Փոքրամասնութիւններուն առջեւ ծառացած ամէնէն լուրջ խնդիրներէն մէկը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը չի ճանչնար Հայոց պատրիարքարանն ու Հրէական ռապպինատը` իբրեւ իրաւականօրէն ճանչցուած հաստատութիւններ: Միայն անցեալ տարի, Յունական պատրիարքարանը վերջապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ իրաւական հաստատութիւն:

– Այլ խնդիր մըն է կառավարութեան կողմէ թուրք փոխտնօրէններու նշանակումը` փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար, ինչ որ խոր անվստահութիւն կը յառաջացնէ: Նոր ուսուցիչներու եւ կղերականներու պատրաստումը նոյնպէս անկարելի կը դառնայ, թրքական պետութեան կողմէ կրօնական ճեմարաններու փակման պատճառով: Զեկուցումին հեղինակները կը պահանջեն, որ կղերականներուն արտօնութիւն տրուի կրօն դասաւանդելու փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ, ինչպէս էր վիճակը անցեալին:

– Եզրափակելով` հեղինակները թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն, որ «ժողովրդավարական եւ ժամանակակից» սահմանադրութիւն մշակելու ընթացքին հաշուի առնեն վերոնշեալ բոլոր իրաւական հարցերը:

Երկրորդ փաստաթուղթը հարցազրոյց մըն է, զոր «Ակունք» կեդրոնէն Մելինէ Անումեան վարած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ, Արամ արք. Աթեշեանի հետ` պատրիարքարանի 550-ամեակի նշման նախապատրաստութեան առիթով: Ըստ Աթեշեան սրբազանի, Պոլիս կը բնակի 67 հազար հայ, իսկ երկրի ներքին միւս բաժիններուն մէջ` 3000 հայ. Անգարայի մէջ` 500, Ալեքսանդրէթի մէջ` 300, Սեբաստիոյ մէջ` 70, Մալաթիոյ մէջ` 50, իսկ Խարբերդի մէջ` 20 հայ ընտանիք: Բացի ատկէ, սրբազանը նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կան 100 հազար հայեր, որոնք կը վախնան բացայայտելէ իրենց իսկական ինքնութիւնը: Այս ցուցանիշները չեն ներառեր Հայաստանէն եկած ապօրինի աշխատողները, որոնք իրենց անօրինական կարգավիճակին պատճառով իրաւունք չունին պսակադրուելու, իսկ անոնց երեխաները` մկրտուելու պատրիարքարանին կողմէ:

Աթեշեան սրբազանը գոհ է այն բանէն, որ վերջին տարիներուն քանի մը բռնագրաւուած կալուածներ վերադարձուեցան հայերուն: Ան յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի հայ առաքելական գործող 44 եկեղեցի, որոնցմէ 37-ն կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, երեքը` Ալեքսանդրէթի, երկուքը` Տիգրանակերտի եւ մէկական` Մարտինի ու Կեսարիոյ մէջ: Նաեւ, Հայոց պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ կը գործեն 12 հայկական դպրոցներ, իսկ հայ կաթողիկէները ունին երեք դպրոց ու տասը եկեղեցի: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիա կ՛ապրին 3000 հայ կաթողիկէներ եւ հազար հայ բողոքականներ:

Քաջալերական է այն, որ ինը տասնամեակ անց, Պոլսոյ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարները բաւարար քաջութիւնը ունեցան իրենց ձայնը բարձրացնելու` ի պաշտպանութիւն իրենց ոտնահարուած քաղաքացիական իրաւունքներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց` Ռ. Աւագեան

Նախորդը

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳԵՆ

Յաջորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔ, ՇԱՐԺՈՒՄ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.