Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Անյայտ Զինուորը

June 15, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

6-14-15_Javier-Mascherano
Խաւիէ Մասքերանօ

Մօտ մէկ շաբաթ առաջ էր, երբ Պարսելոնան իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով եռեակ (թրիփլէ) մը իրագործեց` դառնալով Սպանիոյ ախոյեան, Սպանիոյ բաժակի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ախոյեան:

Համաշխարհային թերթերը եւ համացանցը գովասանքի խօսքեր կը թափէին քաթալոնական ակումբին վրայ: Կը խօսէին Մեսսի – Սուարեզ – Նէյմար անկրկնելի եռեակին եւ անոնց նշանակած 120 կոլերուն մասին, կը խօսէին Զաւի-Ինիեսթա երկու փորձառուներուն մասին, Ռաքիթիչին եւ իր մարտավարութեան կարեւորութեան, անդադար վազող Ալվեսին ու Ալպային, անձայն գործող Պուսքեցին, Փիքէին եւ Մաթէոյի անմոռանալի կոլերուն, այս տարուան երկու նոր բերդապահներուն` Պրաւոյին եւ Դեր Շթեկընին մասին, որոնք բազմիցս հրաշքներ գործեցին: Կը Խօսէին նաեւ Լուիս Էնրիքէին մասին` այս տարուան խումբը նմանցնելով Կուարտիոլայի խումբին, սակայն քիչ տարբերութիւններով` հակայարձակողականի (քոնթրաթաքի) վրայ հիմնուած յարձակումներ եւ դիրքի բարելաւում (փոզիշընինկ) քոռնըրներու ժամանակ:

Սակայն ոչ ոք անդրադարձաւ Խաւիէ Մասքերանոյին կամ խօսեցաւ անոր մասին: Ճիշդ է, որ Մասքերանոն խմբապետ չէ, բայց ըստ իր խմբակիցներուն, ինքն է խումբին ղեկավարը դաշտէն դուրս եւ ներս: Ճիշդ է, որ Մասքերանոն Պարսելոնային հետ տակաւին կոլ չէ նշանակած, բայց իր ներդրումը խումբին մէջ նոյնքան կարեւոր է, որքան միւս անդամները: Երբ Պարսելոնան կոլ նշանակէ, Մասքերանոն չի վազեր ընկերներուն քով ուրախանալու, այլ կը գտնուի դաշտին գիծին վրայ` իր մարզիչին մօտ, ձեռքը բերանին եւ կը ստանայ նոր ցուցմունքներ: Մասքերանոն բարձրահասակ չէ, ոչ ալ արագավազ. ան չունի 3-4 հոգի խաբելու կարողութիւնը, բայց լաւ կը հասկնայ խաղը, գիտէ ճիշդ ժամուն ճիշդ տեղը ըլլալ ու գիտէ քաջալերել խմբակիցները նեղ ժամանակներուն:

Մասքերանոն խումբին աստղը չէ, ոչ ալ պիտի ըլլայ, բայց վստահաբար արժանի է յարգանքի, աշխատող մարզիկ է եւ, թէ գիտէ ո՛րն է կարեւորը իր խումբին համար: Այսօր Մասքերանոն 31 տարեկան է եւ իբրեւ յետսապահ երկար կեանք չունի ֆութպոլին մէջ, բայց հաճելի է հետեւիլ իր խաղին, քանի որ ան կը ներկայացնէ ուժ, փորձառութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` նուիրում :

 

 

Նախորդը

Եուրօ-2016. Հայաստան Կրեց Իր 4-րդ Պարտութիւնը Փորթուգալէն` 3-2 Արդիւնքով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան  13-րդ Լեւոն Արոնեան` 3-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 13-րդ Լեւոն Արոնեան` 3-րդ

November 12, 2026
Հարվի Սարաճեան Միացաւ  Հայաստանի Հաւաքականին
Մարզական

Հարվի Սարաճեան Միացաւ Հայաստանի Հաւաքականին

November 12, 2026
Բռնցքամարտ.  Վահէ Սարուխանեան  Եւ Արման Գալստեան` Տիտղոսի Մրցումին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Վահէ Սարուխանեան Եւ Արման Գալստեան` Տիտղոսի Մրցումին

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.