Այսօր` շաբաթ, 6 յունիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին, Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Եուվենթուսի միջեւ:
Երկու խումբերն ալ այս տարեշրջանին ձեռք ձգեցին բաւական լաւ արդիւնքներ` նկատի ունենալով, որ անոնք տուպլէ իրագործած են:
Այսօրուան այս մրցումին արդիւնքը անոնցմէ մէկուն համար պիտի ըլլայ նշանակալից, որովհետեւ մէկը միայն պիտի իրագործէ հեթրիք մը:
Նշենք, որ Եուվենթուսէն պիտի բացակայի Ճիորճիօ Քիելինի, որ փորձերուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ:


