Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Բախումները Կը Մօտենան Ժապալ Տրուզին

June 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_Jabal-DruzՍուրիոյ մէջ բախումները մօտեցած են տիւրզիներու բնակավայր Ժապալ Տրուզին: Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ զինեալ խմբաւորումներու զինեալները Սուէյտա շրջանին մէջ կը պատրաստուին յարձակում գործելու Սաալա օդակայանին եւ 52-րդ զօրամասին կեդրոնատեղիին դէմ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքի ղեկավարները դրամահաւաք կը կատարեն` զինելու համար Սուրիոյ տիւրզիները, որոնք, ըստ աղբիւրին, օգնութիւն խնդրած են եւ սուրիական վարչակարգը ամբաստանած են տիւրզիական շրջանները զինաթափելու յանցանքով:

Աղբիւրը նշած է, որ Իսրայէլի տիւրզիները իսրայէլեան կառավարութեան առաջարկած են օժանդակութիւն տրամադրել Սուրիոյ մէջ իրենց եղբայրներուն, սակայն վերջիններս մերժած են` նշելով, որ իրենք շուրջ 150 հազար մարդ ունին, որոնք պատրաստ են կռուելու: Աղբիւրը կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի ղեկավարները տեղեակ են հարցէն, եւ աշխուժ աշխատանք կը տարուի հասնելու համար տարազի մը, որ Ժապալ Տրուզը կը փրկէ ՏԱՀԵՇ-էն կամ Ժապհաթ Նուսրայէն:

Ըստ աղբիւրին, Իսրայէլի տիւրզի համայնքի ղեկավարները հաստատած են, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն իրենց խոստացած է ամբողջ Միջին Արեւելքի տիւրզիները պաշտպանել:

Սուրիական զինուորական բարձրաստիճան աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ սուրիական բանակը իր ամբողջ ուժով կը կռուի Սուէյտա նահանգին մէջ եւ «զինուորական որեւէ ստորաբաժանում իր դիրքէն չէ հեռացած` շեշտելով, որ Սուրիոյ բանակը ամրապնդած է արեւմուտքի մէջ իր դիրքերը մասնաւորաբար 52-րդ զօրաբաժինի կեդրոնատեղիին եւ Սաալայի օդակայանին մէջ, որոնց դէմ յարձակում կը պատրաստուի: Աւելի՛ն, Սուրիոյ բանակը իրերայաջորդ ռմբակոծումներ կատարելով մեծ վնասներ պատճառած է զինեալներուն: Աղբիւրները իբրեւ օրինակ կը նշեն երեք օր առաջ Ժապհաթ Նուսրայի շարասիւնի մը ռմբակոծումը:

Աղբիւրները նշեցին, որ Սուրիոյ բանակը զէնք կը տրամադրէ Սուէյտայի բնակիչներէն ոեւէ մէկու, որ կ՛ուզէ բանակին կողքին կռուիլ:

Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Եուսեֆ Ժարպուհ «Ախպար»-ին յայտնեց. «Սուէյտայի զաւակները սուրիական պետութեան կողքին են, որովհետեւ ատիկա սուրիացիներուն երաշխիքն է, եւ բնակիչներուն ընտրանքը բանակին կողքին կռուիլն է»: Ան նշեց, որ երիտասարդները «հոյակապ կերպով» կը միանան զինուորական խմբաւորումներուն` պաշտպանելու համար նահանգը:

Տիւրզի աղբիւրներ լիբանանեան «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին. «Տիւրզիական միասնականութեան եւ բոլոր քաղաքացիներուն կռուելու յստակ որոշումին լոյսին տակ` Ժապալ Արապի նկատմամբ վախ չկայ»: Անոնք նշեցին, որ տիւրզիները պատրաստ են հողն ու իրենց պատիւը պաշտպանելու համար զոհուելու:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն 2 Օր Առաջ. Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ընտրահաւաքին Ընթացքին Պայթումներ 2 Զոհ Պատճառեցին

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Փակէ Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակը

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.