Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն 2 Օր Առաջ. Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Ընտրահաւաքին Ընթացքին Պայթումներ 2 Զոհ Պատճառեցին

June 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-05-15_HDP

Առնուազն երկու զոհ եւ հարիւր վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ Տիգրանակերտի մէջ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական հաւաքին ընթացքին երկու պայթումներ տեղի ունեցան:

Հազարաւորներ կը մասնակցէին 7 յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ կուսակցութեան վերջին հաւաքին: Կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ քաղաքին մէջ հանդարտութեան կոչ ուղղեց:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու խոստացաւ պայթումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարել: «Յստակ չէ, թէ ասիկա յարձակո՞ւմ է, թէ՞ արկած: Պատճառը ինչ որ ալ ըլլայ պիտի բացայայտենք», ըսաւ ան: Ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ հերքեց նախնական տեղեկութիւնը, թէ պայթումները ելեկտրածինի մը խանգարումին պատճառով էին:

Էրպիլ Անգարան Կ՛ամբաստանէ Քաղաքական
Դրդապատճառներով Քիւրտերու Քուէարկութիւնը
Արգելակելու Յանցանքով

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը թրքական կառավարութիւնը ամբաստանեց մարզին մէջ քուէարկութեան կեդրոններ բանալ մերժելով մարզին մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացի աւելի քան 100 հազար քիւրտերու Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը արգելակելու յանցանքով:

Շրջանի կառավարութիւնը չէր յաջողած Անգարայի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի վերջինս Էրպիլի իր հիւպատոսարանին մէջ քուէարկութեան տուփեր տեղադրէ: Թրքական կողմը կը յայտնէ, որ Իրաքի քրտական շրջանը անապահով է եւ այդ պատճառով այդտեղ քուէարկութեան կեդրոններ պիտի չբանայ:

Իրաքի քրտական շրջանի խորհրդարանի բանբեր Թարեք Ժաուհար ըսաւ, որ այդ որոշումին ետին միայն քաղաքական պատճառներ գոյութիւն ունին, որովհետեւ քիւրտերուն քուէարկութիւնը կրնայ ազդել կիրակի օր նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ: «Քիւրտիստանի շրջանը ահաբեկչութեան դէմ պայքարող շրջանին մէջ ապահով շրջան մըն է եւ թերեւս աւելի ապահով է, քան ինքնին Թուրքիան», ըսաւ ան:

Աւելի քան 100 հազար Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներ կ՛աշխատին Իրաքի քրտական մարզին մէջ եւ անոնց 95 առ հարիւրը Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներ են:

 

 

Նախորդը

Սատտամի Օգնական Թարեք Ազիզ Մահացաւ

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Բախումները Կը Մօտենան Ժապալ Տրուզին

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.