Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ

August 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրերայաջորդ 4-րդ օրն ըլլալով Բրիտանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան բրտութեան եւ անկարգութեան արարքներ, որոնք սկսան մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ, ապա անմիջապէս տարածուեցան բազմաթիւ այլ քաղաքներու մէջ: Այդ դէպքերը ապշեցուցիչ կերպով դուրս եկան զանոնք կանխատեսելու կամ հակակշռելու իշխանութեանց հաւաքական կարողութենէն, ինչ որ մեծ ձախողութիւն կը նկատուի Բրիտանիոյ քաղաքագէտներուն եւ ոստիկանութեան համար: Բրիտանիոյ մէջ ընթացող խռովարարութիւնները կարգ ու կանոնի եւ անկարգութեան միջեւ մրցումի մը վերածուած են, եւ որոշ ժամանակ ետք բանակը օգնութեան կանչելու փորձութիւնը կրնայ անդիմադրելի եւ մինչեւ իսկ կենսական դառնալ:

Ոստիկանութեան հետ բախումի մը ընթացքին սեւամորթ երիտասարդի մը սպանութիւնը ընդամէնը այն կայծն էր, որ պայթեցուց տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ պետական ծախսերու խիստ կրճատումներուն դէմ ընդվզումի արարքները, որոնց մղիչ ուժը ապագային նկատմամբ անյուսութիւնն է, այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն իրողութիւնը, որ խռովարարութեանց մեծամասնութիւնը տեղի ունեցան Լոնտոնի աղքատ թաղամասերուն մէջ, եւ քաղաքի ամէնէն աղքատ դասակարգին բնակարաններն ու գործատեղիներն էին, որոնք յարձակումի ենթարկուեցան:

Տիրող անիշխանական մթնոլորտին մէջ եւ աւազակախումբերու վտանգին լոյսին տակ լոնտոնաբնակ կարգ մը փոքրամասնութիւններ, ինչպէս` յոյները, քիւրտերը եւ թուրքերը դիմած են ինքնապաշտպանութեան: Անոնց այս կեցուածքը գովաբանուեցաւ բրիտանական մամուլին կողմէ, որ ուրիշներուն ալ կոչ ուղղեց` այդ փոքրամասնութիւններու օրինակին հետեւելու: Այժմ ինքնապաշտպանութեան կրնան դիմել նաեւ երկրին մէջ աւելի նկատառելի թիւ ներկայացնող փոքրամասնութիւնները` փաքիստանցիներն ու հնդիկները:

Այդպիսի գովաբանական խօսքեր եւ կոչեր ուղղելու ընթացքին անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ նշեալ խմբակներուն որդեգրած ապահովական ինքնակոչ միջոցառումները կրնան միայն ժամանակաւորապէս օժանդակել երկրին մէջ ապահովութիւնը եւ կարգ ու կանոնը վերահաստատելու իշխանութեանց ջանքերուն: Այդ խմբակներուն կազմութեամբ արձանագրուած նախադէպը կրնայ հետագային վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, մանաւանդ եթէ ներկայ կացութիւնը երկար տեւէ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ այս փոքրամասնութիւնները իրարու հետ պատմական եւ քաղաքական խնդիրներ ունին, եւ անոնց փոխադարձ ատելութիւնը կրնայ պետութեան համար յաւելեալ գլխացաւի մը վերածուիլ:

Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, իրենց անմիջական լուծումէն անկախ, ներկայ իշխանութեանց համար անպայման քաղաքական հետեւանքներ ալ պիտի ունենան: Ժամանակը ի վնաս ներկայ կառավարութեան քաղաքական կեանքին եւ ի նպաստ ընդդիմութեան կը գործէ, ուստի յառաջիկայ օրերը իշխանութեան համար լուրջ մարտահրաւէր պարունակող ճակատագրական օրեր պիտի ըլլան: Սակայն ամէն բան իր ժամանակը ունի: Ներկայիս գլխաւոր հրամայականը պետութեան վերահսկողութեան վերահաստատումն ու վախի մթնոլորտին յաղթահարումն է:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒՈՒՆ 4-ՕՐԵԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՔՈՐԻԵՐԷ ՏԵԼԼԱ ՍԵՐԱ»Ի ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.