Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիա Եւ Իրաք Մասնատման Վտանգը Կը Դիմագրաւեն, Եթէ Միջազգային Դաշինքը Շուտով Չամրապնդուի» Կը Զգուշացնէ Ֆապիւս

May 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լորան Ֆապիւս
Լորան Ֆապիւս

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ յայտարարած է, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող միջազգային դաշինքը կարիքը ունի շուտով ամրապնդուելու` կանխարգիլելու համար յաւելեալ ջարդերն ու երկու երկիրներուն մասնատումը:

Ան նաեւ քննադատեց իրաքեան կառավարութիւնը` ըսելով, որ Ֆրանսա անցեալ տարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներ հասցնել որոշած էր այն հիմամբ, որ Պաղտատ աւելի ներառող կառավարութիւն մը կազմէ: «Այս համաձայնագիրն է, որ կ՛արդարացնէ մեր զինուորական մասնակցութիւնը, եւ այստեղ յստակ կերպով պիտի ըսեմ, որ ատիկա աւելի լաւ կերպով պէտք է յարգուի», ըսած է Ֆապիւս:

Յայտնենք, որ Ֆրանսա 2 յունիսին Փարիզի մէջ կը հիւրընկալէ 24 երկիրներու մասնակցութեամբ վեհաժողով մը` քննարկելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու ռազմավարութիւնը:

Իրաքի Միացեալ Հրամանատարութիւնը
Կը Յայտարարէ Անպար Նահանգի
Ազատագրման Գործողութեան Սկիզբը

Իրաքի միացեալ հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Անպար նահանգը ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւումէն ազատագրելու գործողութիւնը ընթացք առած է:

Անպար նահանգի խորհուրդի անդամ Ազալ Ֆահտաուի յայտարարեց, որ ապահովական մարմինները փակած են Ռամատիի հարաւը ՏԱՀԵՇ-ի մատակարարման բոլոր ճամբաները` աւելցնելով, որ զինեալ խմբաւորումները կը շարունակեն հաւաքուիլ Հուսէյպա Շարքիյա շրջանին մէջ` առ ի պատրաստութիւն Ռամատիի ազատագրման: Ան ըսաւ, որ ապահովական ուժերը թիւ 35 շրջան հասած են Ռամատիի արեւմուտքը գտնուող ռազմավարական ճամբուն միջոցով եւ կտրած Ռամատիի հարաւէն մատակարարման ՏԱՀԵՇ-ի գիծերը:

Ֆահտաուի ըսաւ, որ ապահովական ուժերն ու Ժողովրդային զօրախումբը կը շարունակեն ուժ կուտակել Խալիտիյա գաւառին մէջ, մասնաւորաբար Հուսէյպա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Ռամատիէն 7 քիլոմեթր դէպի արեւելք` առ ի պատրաստութիւն Ռամատիի եւ Անպարի շրջաններուն ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն ազատագրման:

Միւս կողմէ, ապահովական աղբիւր մը սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ իրաքեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հարցաքննած է Անպարի շրջանի զինուորական ղեկավարներէն ոմանք` մեկնելով «Էֆ.Պի.Այ.»-ի ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարներէն Ապու Սայեաֆի կնկան հետ կատարած հարցաքննութենէն ապահովուած այն տեղեկութեան վրայ, թէ Անպարի զինուորական ղեկավարներէն ոմանք գործակցած են ՏԱՀԵՇ-ի հետ, ինչ որ դիւրացուցած է Ռամատիի շրջանի գրաւումը` նշելով, որ հետաքննութիւնները ցոյց տուած են, որ այդ ղեկավարներէն երկուքը ՏԱՀԵՇ-ի հետ կը գործակցին:

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ գործողութիւն մը կատարելով սպաննած էին Ապու Սայեաֆը եւ անոր կինը գերեվարելով փոխադրած Իրաք:

Աղբիւրը «Օքազ»-ին յայտնած է, որ Ապու Սայեաֆի կինը ամերիկացի հետաքննիչներուն բազմաթիւ տեղեկութիւններ փոխանցած է իրաքեան զինուորական ղեկավարութեան վերաբերեալ, ինչ որ կրնայ փոխել Իրաքի մէջ քաղաքական ու զինուորական զարգացումներու ընթացքը:

 

Նախորդը

«Ամերիկացիներուն Հետ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Պիլկիչ

Յաջորդը

Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Հայաստան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը  Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի  Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Գլխաւորած Խաղաղութեան Խորհուրդը Կազայի Վերականգնման 2,45 Միլիառ Տոլարի Ծրագիր Պիտի Յայտարարէ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.