Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այգ» Երգչախումբն Ու Ժողովրդային Նուագախումբը Ներկայացուցին «Տաղեր Սիրոյ, Պանդխտութեան, Հայրենեաց» Օրաթորիա` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

May 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-17-15_ayc-2«Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ, իսկ ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յատնէին անոնց եւ յատկապէս խմբավար Զաքար Քէշիշեանին:

Փաստօրէն հանդիսատեսը հմայուած էր տեսնելով երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու գիտակից նուիրումը հայ երգին, երաժշտութեան ու ազգային արժէքներուն: Անոնք լաւագոյն վկան հանդիսացան ժողովուրդի վերապրումին ու պահանջատիրութեան:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած, տէր եւ տիկին Ալեն եւ Իրմա Պալեաններու հովանաւորութեամբ, «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը ելոյթ ունեցան կիրակի, 17 մայիս 2015-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ` Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարին Գազանճեան: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ապա հաստատեց, որ ոչ միայն այս տարի, այլ եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ հպարտօրէն պիտի յիշենք ու պիտի պահանջենք, մինչեւ որ մեր դատի արդար լուծման հասնինք:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ելոյթը հովանաւորողներուն` Ալեն եւ Իրմա Պալեաններուն, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահութեան, հայրենիքէն եկած երիտասարդ երաժիշտներուն, որոնք ժողովրդական գործիքներով մասնակցեցան ելոյթին: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խմբավարին ու դաշնակահարին, մեներգողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չեն խնայած ձեռնարկի յաջողութեան համար:

5-17-15_ayc-1Յարտագիրի առաջին մասով «Այգ» երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց «Շորորա՛»-ն,

«Ձօն Լիբանանի», «Անոնք ինկան», «Աւէ Մարիա» երգերը, ուշագրաւ էր կոմիտասեան երգաշարը, որուն մեղեդիները դիւթեցին հանդիսատեսը եւ տարին դէպի այն աշխարհը, ուր ծնունդ առած են այդ երգերը: Խրախուսող էր յեղափոխական երգերու շարանը, իսկ «Ապրի՛լ կրկին» երգի բարձրորակ կատարումով վերջ գտաւ առաջին բաժինը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով «Այգ» երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը ներկայացուցին «Տաղեր սիրոյ, պանդխտութեան հայրենեաց» օրաթորիան` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. խօսք` Լութֆիկ Դուրեանի եւ երաժշտութիւն` Խաչատուր Աւետիսեանի:

«Տաղերգութիւն» առաջին երգը իր իւրայատուկ երաժշտութեամբ հանդիսատեսին առջեւ բացաւ տարագրութեան պատկերներ, կարծես քալող կարաւաններն էին, որ տակաւին կը շարունակեն իրենց դանդաղ երթը դէպի անորոշը, դէպի մահ: Իսկ «Տաղ սիրոյ» երգը մեկնաբանեցին թենոր Գէորգ Պէպէճեան եւ սոփրանօ Գայեանէ Ներսիսեան: Շատ գեղեցիկ ձեւով Գայեանէ Ներսիսեան մեկնաբանեց «Օրօրոցային» երգը: Հիանալի կատարումներ էին  Գէորգ Պէպէճեանի «Տաղ պանդխտութեան» երգը, որ կը ներկայացնէր պանդուխտի տառապանքը իր օճախէն հեռու, եւ Գայեանէ Ներսիսեանի կատարումը «Սպասում» երգով, որ կը ներկայացնէր պանդուխտի սպասման ցաւն ու կարօտը: Ներկայացուեցաւ նաեւ «Խրատական երգը», իսկ «Հազարաթեւ Հայաստան» երգով աւարտին հասաւ ձեռնարկը: Ելոյթի վերջաւորութեան հիմնական ծրագիրէն դուրս երգչախումբը ներկայացուց եւս երեք երգ: Վերջապէս, ծաղկեփունջեր մատուցուեցան խմբավարին, դաշնակահարին, մեներգողներուն` ներկաներու բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նիւ Ճըրզիի Մէջ

Յաջորդը

«Կազփրոմ» Կազի Գինի Զեղչ Պիտի Տրամադրէ Թրքական Անձնական Ընկերութիւններուն

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.