Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Եւ Սուրիական Բանակը Հասած Են Մուսայի Բարձունքներուն

May 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-13-15_HEZBALLA_KALAMOUNՀըզպալլայի մարտիկներն ու սուրիական բանակը երէկ հասան Մուսայի բարձունքները, որոնք ռազմավարական առումով կը նկատուին Քալամունը հակակշիռի տակ առնելու ամէնէն կարեւոր դիրքերը, որոնք կը գտնուին ծովուն մակերեսէն 2580  մեթր բարձրութեան վրայ:

Մուսայի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի դրօշին ծածանումէն ետք, ահաբեկիչ զինեալները փախուստ տուին այդ շրջաններէն` ուղղուելով Արսալի բարձունքները:

Հըզպալլայի կողմէ արձանագրուած ապահովական այս նուաճումը կարելի եղաւ երէկ առաւօտեան սուրիական Ռաս Մաարրայի բարձունքներուն վրայ սկսած զինեալ բախումներէն, որոնց իբրեւ արդիւնք Հըզպալլա եւ սուրիական բանակը հակակշիռի տակ առին Հարֆ լեռը, Տահր Հաուան եւ Տուհուր Պահուսն ու Խաշաաթի բարձունքները, որոնք կը գտնուին Նահլէի եւ Արսալի բարձունքներուն արեւելեան կողմը:

Հըզպալլայի մարտիկները եւ սուրիական բանակը ծանրօրէն ռմբակոծեցին զինեալներուն դիրքերը եւ հետզհետէ յառաջացան, մինչեւ որ կարելի եղաւ հասնիլ Մուսայի բարձունքները:

Այսպիսով, անոնք կրցան հակակշիռի տակ առնել զինեալները Արսալ հասցնող ելքերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան լեռնաշղթան` Պրիթելի եւ Եունինի կողմէ:

Սակայն Ֆլիթայի եւ Ռաս Մաարրայի բախումներէն ետք Արսալի բարձունքները ապաստանած զինեալներուն դէմ տակաւին յարձակում չէ գործուած:

Միւս կողմէ, ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ուատի Հմայտ եւ Աժրամ շրջաններուն մէջ ունեցան զինեալ բախումներ եւ երկու խմբաւորումներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կատարեց ներխուժումներ եւ խստացուց ապահովական իր միջոցառումները` ձերբակալելով մեծ թիւով սուրիացիներ, որոնք Լիբանանի մէջ կը շրջէին կեղծ փաստաթուղթերով կամ առանց անձնաթուղթի:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Շարունակեց Քննարկել 2015-ի Ամավարկը

Յաջորդը

Ռուհանի. «Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Ընդարձակման Դիմաց Արգելք Չկայ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.