Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՅՆՃԱՐ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ

August 9, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այնճարի Յուշարձան-համալիրին շուրջ

Կիրակի, 7 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմն ու Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան արժանացան ժողովրդային ընդունելութեան:

Հայրենի հիւրերը դիմաւորելու եկած էին պետական նախարար Փանոս Մանճեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, գիւղի երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով այնճարցիներ:

ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը հնչեցուց լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգները, որմէ ետք հիւրերը հիւրասիրուեցան աւանդական թոնիրի հացով ու աղով, եւ Մուսա լերան տաուլ-զուռնայի հատու կշռոյթով բարձրացան յուշարձան-համալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին մօտ` ի յիշատակ Մուսա լերան հերոսամարտի մարտիկներուն: Հերոսներու յիշատակին մատուցուած աղօթքէն ետք, ներկաները այցելեցին Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական մարմնի նախագահ Յակոբ Այնթապլեան, որ ողջունեց հիւրերը` յայտնելով, որ «օրը տօնական է այնճարցիներուն համար, եւ հայրենի հիւրերը կը գտնուին իրենց հարազատ տան մէջ, որովհետեւ Այնճարը փոքրիկ Հայաստան է»: Ան յիշեց այս առիթով բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծական տողերէն փունջ մը` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան:

Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային հանդիպման ընթացքին

Ողջոյնի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ հայութիւնը միասնական ջանքերով ի վիճակի է լուծելու նոյնիսկ ամէնէն դժուար հարցերը: Ան ողջունեց գրագէտ, հրապարակախօս, Արցախի հերոս Զօրի Բալայեանը եւ բարձր գնահատեց «Արմենիա» առագաստանաւու անձնակազմին տարած աշխատանքը:

Դեսպան Քոչարեանի խօսքէն ետք յատուկ պատգամով հանդէս եկաւ գրող Զօրի Բալայեան, որ անդրադարձաւ այս ծրագիրի տարբեր փուլերուն, հայ ժողովուրդի երեք հատուածներու (Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք) միասնական գործելու անհրաժեշտութեան, ողջունեց այնճարցիները 33 տարի յետոյ իրականացուող այս երկրորդ այցելութեամբ` յայտնելով, որ «ինք շատ բան գիտէ Մուսա լերան հերոսական ժողովուրդին մասին, եւ այնճարցիները, որոնք 1978-ին իրենց թիւէն աւելի գաղթականներ ընդունեցին, արժանի ժառանգորդներն են հերոսական Մուսա լերան: Ան կոչ ուղղեց հայութեան բոլոր ուժերը համախմբելու, աւելի ամրանալու եւ նոր յաջողութիւններ արձանագրելու Շուշիի պատմական յաղթանակէն ետք:

Կարճ խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ առագաստանաւի նաւապետ Սամուէլ Կարապետեան, որ որոշ տեղեկութիւններ ներկայացուց առագաստանաւի անցած ուղիներուն մասին` յայտնելով, որ այս ձեռնարկը ոգեւորիչ էր բոլորին համար, յատկապէս սփիւռքի հայկական գաղութներուն:

Հանդիպումի աւարտին խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ յատկապէս շեշտեց դէպի հայրենիք եւ Արցախ ուղղուած մեր ժողովուրդի գաղափարական ուղղուածութեանը` յայտնելով, որ այնճարցիները իրենց սրտին մէջ Հայաստան մը կ՛ապրեցնեն եւ կը խանդավառուին հայրենիքի յաջողութիւններով: Ան այս առիթով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց անձնակազմի ղեկավար Զօրի Բալայեանին:

Պաշտօնական հանդիպումէն ետք հայրենի հիւրերը այցելեցին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն, ուր առիթ ունեցան զրուցելու գիւղի պատկան մարմիններուն ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ետք անոնք ճաշի հիւրը եղան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ԱԿՆԱՐԿ. ՄԱՍՆԱԿԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔՆԵՐ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ՆԱՒՈՒՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.