Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մեր Յուշարարութիւնը Եւ Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնումը

May 6, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khemp_LEBANON 1916 MAY 66 մայիս 2015-ը տարբեր հնչեղութիւն ունի: Այս սիւնակներէն հերթական անգամ ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Մայիս 6-ի խորհուրդը վերականգնելու, պատմական իրադարձութիւնները իրենց էութեան մէջ յիշելու եւ այդ առիթով յարգելու օսմանեան ջարդարար քաղաքականութեան զոհ գացած  լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը:

Կը թուի, որ այս տարուան Մայիս 6-ը հիմնական քայլ կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ, յատկապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ հաւաքական յիշողութեան կարեւոր վերադարձ կատարելու: Այդ յուշարարութեան պաշտօնը մինչ այժմ լիբանանահայ համայնքը  ստանձնած էր, որ պէտք է ըսել առաջադրուած արդիւնքը չէր ձգած:

Տարբեր հանգամանքներ ազդեցիկ դարձան` հաւաքական յիշողութեան վերականգնման գործընթացին վրայ:

Պէտք է նկատի ունենալ Ապրիլ 24-ի եւ Մայիս 6-ի միջեւ գոյութիւն ունեցող նեղ ժամանակահատուածը. օրեր միայն կը բաժնեն երկու թուականները եւ այդ առումով ապրիլին հնչած քաղաքական յայտարարութիւնները եւ անոնց մէջ ներառուած լիբանանեան հաւաքական սովամահացումի յղումները նախաբան կը ծառայեն Մայիս 6-ին կատարուելիք յայտարարութիւններուն:

Յատկապէս 100-ամեակի այս տարուան ընթացքին, երբ համընդհանուր ձեւով եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կար յատուկ ռազմավարութիւն Հայոց ցեղասպանութեան նշումի տարողութիւններուն համալիբանանեան դիմագիծ տալու, աշխատանքներուն պահանջատիրական նկարագիրին առընթեր ապահովելով նաեւ զօրակցականը, տարբեր քաղաքական հաւաքներուն, դասախօսական երեկոներուն եւ բողոքի գործողութիւններուն ընթացքին բնական անցում կատարուեցաւ նաեւ Մայիս 6-ի խորհուրդին: Այնքան մը, որ լիբանանեան պետական դէմքեր չվարանեցան ինքնաքննադատական մօտեցումով հրապարակային ձեւով հայկական օրինակը վերցնելու, չմոռնալու եւ դատապարտելու այն ինչ որ ցեղասպան պետութիւնը իրականացուց ընդհանրապէս լիբանանցիներուն եւ մասնաւորաբար Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ:

Քաղաքական հայեացքը կը յուշէ նաեւ, որ լիբանանահայ գործօնին առընթեր արտաքին քաղաքական պայմաններ եւս նպաստեցին հաւաքական յիշողութեան վերականգնման ճիգերուն արդիւնաւորուելուն: Տարածաշրջանին մէջ իրականացուած ցեղային զտումները, գործադրուած` յատկապէս քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ, շարժիչ գործօն հանդիսացան յիշելու այն, ինչ որ պատահեցաւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն Լիբանանի մէջ:

Այս բոլորին վրայ նկատառելի ազդեցութիւն ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութեան յատկապէս այն բաժինը, ուր զուգահեռ կը գծուէր անցեալի եւ ներկայի ցեղասպանութիւններուն միջեւ: Միջին Արեւելքի մէջ ապրող եւ վտանգուածի զգացողութիւնը ունեցող քրիստոնեայ տարրին համար ուղեցոյց նկատուող վատիկանեան որեւէ յայտարարութիւն անպայման անցեալի եւ ներկայի ցեղասպանութիւններու զուգահեռացման ետին պիտի տեսնէր ցեղասպանութիւնները իրականացնող ուղղակի եւ անուղղակի հասցէն: Սակայն միեւնոյն հասցէն: Այդ հասցէէն եկած, եկող ու գալիք վտանգներուն քաղաքական զգացողութիւնը բարձրացուց նաեւ այն ալիքը, որ  տեղ-տեղ զօրակցական բնոյթ ստացաւ, եւ անոր առընթեր` կատարեց հաւաքական յիշողութեան վերադարձի կտրուկ շրջադարձը:

Գերզգօնութիւնը պարտադիր է սակայն, այս հարցերու արծարծման ընթացքին կրօնական բաժանարար գիծերէ հեռու մնալու համար: Տեղւոյն թուրք դեսպանին մամլոյ հրապարակումներուն մէջ յստակ էր այն առաջադրանքը, որ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ներկայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ իր կատարած մեկնաբանութիւններուն մէջ լիարժէք ձեւով փորձ կը կատարէր օգտագործելու կրօնական հանգամանքը: Հաւաքական ճիշդ յիշողութիւնը կը համոզէ, որ Մայիս 6-ին նահատակուեցան թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ լիբանանցիները: Այս յուշարարութիւնը եւս լիբանանահայութեան ուսերուն կ՛իյնայ:

Վերջապէս. այս բոլոր առաջադրանքներու առարկայացումը տեղի կ՛ունենայ Մայիս 6-ի բուն խորհուրդին վերականգնումով եւ Նահատակաց օրը իր պատուանդանին վերատեղադրելու պետական համապատասխան որոշումով: Նաեւ խորհրդարանին մէջ յատուկ բանաձեւով ամրագրելով Նահատակաց օրուան համալիբանանեան նշանակութիւնը:

Նախորդը

Օհանեան. «Մեր Բանակը Պատուով Կը Յանձնէ Քննութիւնը»

Յաջորդը

Թուրքիոյ «Ժամանակակից Իրաւաբաններու Միութիւնը» Ներողութիւն Խնդրած Է Հայերէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հուսիներէն Լիբանան. Այցելութիւններ  Եւ Հակազդեցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հուսիներէն Լիբանան. Այցելութիւններ Եւ Հակազդեցութիւններ

November 16, 2026
Արաղչի Այսօր Փաքիստան  Եւ Վաղը Օման Կ՛այցելէ
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի Այսօր Փաքիստան Եւ Վաղը Օման Կ՛այցելէ

November 16, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկեան Դեսպանատան Համաձայն. «Ուալց Պիտի Քննարկէ Հըզպալլայի Եւ Իրանի Իշխանութենէն Ազատ Գերիշխանական Լիբանանի Մը Ստեղծումն Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի Լիազօրութեան Աւարտը»

November 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.