Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Ներկայացում Եւ Քննարկում` «Գրատուն Անթուան»-ի Մէջ

May 1, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-30-15_kradounՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլին «Գրատուն Անթուան» կազմակերպած էր տեղեկութիւններու ներկայացում, որուն յաջորդեց քննարկում մը` գրատան Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու մասնաճիւղին մէջ:

Նախ եւ առաջ պատմաբան Քրիսթին Պապիկեան – Ասաֆ «Փաուըր փոյնթ»-ի ընկերակցութեամբ պատմական ակնարկ մը նետեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի վիճակին, ջարդերուն, հայկական հարցին եւ Ցեղասպանութեան վրայ: Ապա պատմաբան դոկտ. Լեւոն Նորտիկեան ներկայացուց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն Լիբանան եւ Սուրիա հաստատումը եւ անոնց կեանքը` բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս հայերը բնակութիւն հաստատեցին տարբեր շրջաններու մէջ եւ ինչպէ՛ս կազմակերպեցին իրենց կեանքը:

Պատմաբան Քարլա Ըտտէ աւարտեց բացատրողական բաժինը նշելով, որ լիբանանցիներուն կողմէ հայերու հիւրընկալութիւնը այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ, ինչպէս որ կը կարծուի, որովհետեւ ոմանք օտարներէ կը վախնային եւ կը նախընտրէին հայերը իբրեւ գաղթական պահել: Ըտտէ ընդգծեց նաեւ, որ «հա՞յ ես, թէ՞ լիբանանցի» մտահոգիչ հարցումը անցեալի արմատներ ունի, եւ ան սխալ նկատեց հայերուն լիբանանեան պատկանելիութիւնը կասկածի տակ դնելու երեւոյթը` տրուած ըլլալով, որ ըստ անոր, լիբանանցիները իրենք ունին այլազանութիւններ:

Ներկայացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ աւարտին ներկաները բազմաթիւ լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին պատմաբաններուն եւ կարծիքներ փոխանակեցին:

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի «Մեր Հողային Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքին Մէջ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Բացում` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.