Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՅՍՕՐ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ` ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

August 6, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրաչ սրկ. Չիլինկիրեան

Չորեքշաբթի, 3 օգոստոս 2011-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, նուիրուած «Հայ եկեղեցին Եւրոպայի մէջ» նիւթին, որուն ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցիներ:

Բացման խօսքը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօս` Հրաչ սրկ. Չիլինկիրեանը` Լոնտոնի Քեմպրիճ համալսարանէն: Սրբազանը ըսաւ.- «Այս դասախօսութիւնը անգամ մը եւս մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ այն յստակ իրողութեան վրայ, որ հոգեւորական եւ աշխարհական դպրեվանեցիներ կը ծառայեն մէկ եւ ամբողջ հայ եկեղեցւոյ: Տեղեակ ըլլալ Եւրոպայի մէջ հայ եկեղեցւոյ իրավիճակին, մեզ` դպրեվանեցիներս` կը պարտաւորեցնէ խոր պատասխանատուութեամբ պատրաստուելու մեր ապագայի առաքելութեան»:

Հրաչ սարկաւագ իր դասախօսութիւնը սկսաւ յայտնելով. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ գտնուիլ, ուր հայ եկեղեցւոյ սպասաւորները կը պատրաստուին»: Ապա, ան ներկայացուց Եւրոպայի հայ եկեղեցւոյ պատմական հոլովոյթն ու այսօրուան պատկերը, յատկապէս ծանրանալով Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերջին տարուան հովուական ծրագիրներուն արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ` իբրեւ գործնական արտայայտութիւն առաջնորդ, հովիւ եւ հօտ համագործակցութեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Եւրոպայի քրիստոնէութեան ներկայի ներքին եւ արտաքին խնդիրները, լուծումներ առաջարկեց եւ հրաւիրեց դպրեվանեցիները իրենց ուսումնառութիւնը ամբողջական նուիրումի վերածելու: Ան եզրակացուց. «Այսօրուան մեր մարտահրաւէրը այն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հայ մարդուն հոգեւոր սնունդ տանք եւ զայն հաղորդակից դարձնենք հայ եկեղեցւոյ արժէքներուն: Այս ճիգին բանալին հոգեւորականն է. ան կա՛մ կը կերտէ եւ կա՛մ կը քանդէ իր ծառայած եկեղեցին»:

Երեկոյի փակման խօսքը կատարեց Կորիւն արք. Պապեան, որ նախ շնորհաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ նոր նշանակուած դպրեվանքի տեսուչ սրբազանն ու տեսչութիւնը` անոնց յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթելով դպրեվանքի նուիրական յարկին մէջ: Ապա, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան դասախօսին եւ ընդգծեց անոր հաւատացեալի ու ընկերաբանի նուիրումը հայ եկեղեցւոյ: Վերջապէս, սրբազանը յորդորեց դպրեվանեցիները անխախտ հաւատքով եւ տոկուն կամքով գօտեպնդուելու, որպէսզի կարենան մօտ ապագային իրենց ծառայութիւնը մատուցել հայ եկեղեցւոյ:

 

 

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.