Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութեան Մեր Տեղը

April 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուտով գացէք Անոր աշակերտներուն ըսէք, թէ`
«Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ
Գալիլիա կ՛երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա».
ահա ձեզի ըսի:
Մատթ. 28.7

4-04-15_karaguezian-420x299Հարիւրերորդ անգամն ըլլալով` Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը կը տօնենք մեր պապենական հողերէն զրկուած: Բիրտ ուժով մեր դարաւոր տունէն դուրս դրուած, տարագրուած, անապատին աւազներուն վրայ եւ խորշերուն մէջ ծարաւ եւ անօթի մահացած եւ անթաղ մնացած սերունդին զաւակները եւ թոռները` մենք այսօր ալ կը տօնենք Յարութիւնը: Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը նաեւ զայն յիշողներուն եւ անոր վրայով պահանջատէրներուն վերապրումի տօնն է: Վերապրումի հարիւրերորդ տարեդարձը կը տօնե՛նք իսկապէս, յատկապէս` այս ապրիլին, քանի որ կանք տակաւին` հակառակ Ցեղասպանութեան:

Աստուծոյ հրեշտակին պատգամը, զոր ան գերեզմանը այցելող կիներուն միջոցով կը յղէ Տէր Յիսուսի աշակերտներուն, սա է, թէ` «Ան յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ՛երթայ…»: Այլ խօսքով` Ան կ՛երթայ այն տեղը, ուր աշակերտները սովորաբար կը տեսնէին զԻնք, կը քալէին Իրեն հետ եւ կը սորվէին Իրմէ: Մեր նահատակ նախնիները Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատացին եւ Անոր հետ քալեցին ոչ միայն ազատ եւ անկախ ներկայ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Մեր յարուցեալ Փրկիչը «մեզմէ առաջ» ՄԵՐ ԳԱԼԻԼԻԱՆ կ՛երթայ, եւ ՀՈ՛Ն պիտի տեսնենք զԱնիկա:

Բիրտ ուժը` չարը, «թէպէտ յաջողի մերթ, միշտ ճշմարիտն է զօրեղ», կ՛ըսէ մեր երգը: Այսօր եւս ոմանք կը փորձեն բիրտ ուժով ստեղծել կացութիւն մը, կամ պետութիւն ու իշխանութիւն, որոնք իրենց տեսակին մէջ հին են, ժամանակավրէպ եւ ձախողած: Նոյնիսկ եթէ յաջողին` կարճ ժամանակի մը համար պիտի ըլլայ այդ: Եւ, բիրտ ուժով հաստատուածը պիտի կործանի, եւ զաւթուածը պիտի վերադարձուի արդար եւ իրաւ տէրերուն:

Այսպէս կը հաւատանք, քանի որ մահը, որ ամենազօր կը թուի ըլլալ, կեանքին մէջ ընկղմեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ: Ուրեմն մենք եւս կրնանք ճանչնալ Անոր յարութեան զօրութիւնը: Թող Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Յարութեան տօնը մեզ լեցնէ այս հաստատ յոյսով եւ վստահութեամբ` անհատաբար, մեր ընտանիքներով եւ ազգովին, այնպէս, որ չթուլնանք մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ արդար պահանջատիրութեան մէջ` մինչեւ կատարեալ յաղթանակ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

5 ապրիլ, 2015

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը` Ուղղուած Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը Մեր Հաւատքի Կեդրոնական Օրն Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.