Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց տարիքային ախոյեանութեան, 2001-2002-ի ծնունդ դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 15 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, ճակատեցաւ Պլու Սթարզի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) աւարտեցաւ Պլու Սթարզի յաղթանակով` 56-26 արդիւնքով:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ – Անթիլիասի 2001-2002-ի ծնունդ խումբին մարզիչն է Միրէյ Աճեմեան-Խալոյեան:


