Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կարգ Մը Պատասխանատուներ ՏԱՀԵՇ-ի Համազօր Քայլեր Կ՛առնեն, Իսկ Սինիորայի Յայտարարութիւնը Երկխօսութեան Հետ Կարելի Չէ Ներդաշնակել»

March 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարպ եւ Պըրրի
Հարպ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական աթոռին թափուր մնալն ու անոր ունեցած հետեւանքները` սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ:

Հարպ յայտնեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է խորհրդարանական աշխատանքին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի յաւելումներն ու պետական ամավարկի նախագիծին կապուած խնդիրներ:

Հարպ շեշտեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց պետական պիւտճէի նախագիծ մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Յոյն կաթողիկէ համայնքի գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, երեսփոխան Միշել Մուսա եւ խորհուրդի անդամներ Շարլ Աթա, Էլի Ապու Հիլա եւ Ֆատի Սմահա:

Հանդիպումէն ետք Ֆարաոն շեշտեց, որ խորհրդարանին ներկայացուցած է յոյն կաթողիկէ համայնքին պահանջները, յատկապէս պետական նշանակումներու եւ դիւանագիտական անձնակազմին ներկայացուցչութեան իմաստով:

Պըրրի շնորհակալական հեռագիր մը ստացաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայէն` նկատի ունենալով, որ Պըրրի իր կարգին շնորհաւորական հեռագիր մը յղած էր Մաթարելլայի:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կարգ մը պատասխանատուներ ՏԱՀԵՇ-ի համազօր քայլեր կ՛առնեն` աւելցնելով, որ անոնք անձնասպանական գործողութեան հեղինակներու նման իրենք զիրենք կը պայթեցնեն` թիրախ դարձնելով լիբանանեան վարչակարգը:

Անդրադառնալով Մարտ 14-ի շարժումին տասնամեակին առիթով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի յայտարարութիւններուն` Պըրրի շեշտեց, որ Սինիորայի յայտարարութիւնը երկխօսութեան հետ կարելի չէ ներդաշնակել:

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի. «Բանակի Նահատակներուն Թափած Արիւնը Սակարկութեան Առարկայ Չէ»

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.