Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քամալ Ժոմպլաթ Նահատակուած Է Ի Խնդիր Պաղեստինեան Հարցին Եւ Ատիկա Մեզի Համար Պատիւ Է» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

March 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժոմպլաթ եւ Մայլզ
Ժոմպլաթ եւ Մայլզ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» թերթին մէջ լոյս տեսնող իր շաբաթական սիւնակին մէջ շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն մոռացութեան ենթարկել 16 մարտ 1977-ին Քամալ Ժոմպլաթի սպանութիւնը ծրագրող եւ գործադրող դահիճները:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ իր հայրը` Քամալ Ժոմպլաթ արաբականութեան եւ Պաղեստինեան հարցին ի խնդիր նահատակուած է` աւելցնելով, որ իրենց համար այդ ճշմարտութիւնը մեծ պատիւ է:

«Յիշեցման կարգով նշեմ նաեւ, որ 1976-ին Լիբանան կատարուած զինուորական ներխուժումը հետեւանք էր Հենրի Քիսինճըրի կողմէ ապահովուած ամերիկեան հովանաւորութեան` հարուածելու պաղեստինեան դիմադրութիւնը, ազգային շարժումը եւ լիբանանեան ձախակողմեան շարժումը, որոնք Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կը նկատուէին», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց, որ ինք օր մը օրանց ամերիկեան վարչակազմին նկատմամբ վստահութիւն չէ ունեցած` Սուրիոյ վարչակարգին մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու իմաստով եւ աւելցուց, որ ինք մնայուն կերպով խորհուրդ տուած է նման գրաւներ դնող կողմերուն վերջ տալու այդ գրաւներուն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ միայն իրենց շահերուն հետապնդումով զբաղած են:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Հենրի Քիսինճըրէն մինչեւ Ճոն Քերրի եւ Հաֆեզ Ասատէն մինչեւ Պաշշար Ասատ դերակատարները փոխուած են, սակայն քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան յիշատակին առիթով, Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, վարչապետ Թամմամ Սալամէն,  նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանէն, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանէն եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահէն:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Պասիլին Կը Վստահի Արտերկրի Լիբանանցիներուն Քաղաքացիութիւն Շնորհելու Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Ռաս Պաալպեքի Բարձունքները

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.