Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Ջարդի Ցայտուն Մէկ Օրինակը Բեմականացնելով`. Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ»-ը

March 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-12-15_garodՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները 2015-ի իրենց գործունէութեան առանցքը կեդրոնացուցած են 100-ամեակը խորհրդանշող նախաձեռնութեանց վրայ:

Այս ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ» թատերախաղը` ներկայութեամբ հայ աշակերտներու հոծ բազմութեան:

Հայրենի բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, որ միաժամանակ հեղինակն ու գեղարուեստական ղեկավարն է թատերախաղին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ յաջողեցաւ նոր սերունդի մատղաշ ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր փոխանցած պատգամին վրայ: Պատգամ մը, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու, իմա` սփիւռքահայու կերպարին ու կեանքին խորհուրդը: Այլ խօսքով, հեղինակը հարազատօրէն կը բացայայտէ սփիւռքահայու, յատկապէս «դրախտ»-ի փնտռտուքով արտագաղթողներու «քթին տակ» եղող, բայց զիրենք «կրծող», հոգեպէս մաշեցնող յոռի ու վարակիչ երեւոյթներու ախտաճանաչումը, ինչպէս` օտարամոլութիւն, ձուլումի վտանգ, յուսալքում, հայրենապարպում եւ այլն:

«Կարօտը այսօրուան եւ բոլոր ժամանակներու հայն է, որ դեգերելով երկրէ երկիր, կը փորձէ գտնել երջանկութեան ու արդարութեան բանաձեւը, սակայն բազմազգ աշխարհի դժուարին խաչուղիներուն վրայ», կու գայ այն եզրակացութեան, որ` «եթէ հզօր երկիր ունենանք, աշխարհը կը յարգէ մեր դատը, եւ արդարութիւնը մեզի կը ներկայանայ ո՛չ թէ անկարող թշուառականի տեսքով, այլ` իբրեւ առողջ ու արժանապատիւ էութիւն…», իրաւացիօրէն կը հաստատէ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան:

Բեմադրութեան ընթացքին յաճախ թատերախաղը ընդմիջուեցաւ խանդավառ աշակերտներու ծափողջոյններով:

Ցնցիչ էր օրինակ այն պահը, երբ խեղճ ու կրակ տեսքով արդարութեան «դեռ շա՜տ երկար պիտի սպասէք» խօսքը ծաղրածուն (Սագօ Եագուպեան) «պատգամեց» Կարօտին (Սեւակ Զարմէնեան) եւ ցոյց տուաւ սրահին աշակերտութիւնը, որուն վրայ պէտք է հայը իր յոյսը դնէ եւ չէ թէ սին արդարութեան:

Հայրենի թէ սփիւռքահայ օճախներէն օտարութեան գիրկը ապաստանող հայ նոր սերունդին ապրած ջարդը, երկրորդ ցեղասպանութիւնը, սպիտա՛կ ջարդն է, որմէ մեզ կը փորձէ զգուշացնել Առաքելեան: Հայու իւրայատուկ, աւանդապահ, ազգասէր, հայրենասէր, հայրենակարօտ ինքնութեա՛ն կորուստի վտանգէն կը զգուշացնէ ան: Խորհրդանշական էր` մամիկին «լաւաշ հաց»-ը:

Նախորդը

«Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոն Այցելեց Քաթրին Պոմոն

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Անատոլի Գրիգորեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.