Չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոն այցելեց «Լ՛էօվր տ՛Օրիան» հաստատութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Քաթրին Պոմոն, որ հանդիպում մը ունեցաւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան կեդրոնի յառաջիկայ ծրագիրները, կարիքներն ու իրագործման կարելիութիւնները:
Ապա Պոմոն շրջագայեցաւ եւ ծանօթացաւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ գործունէութեան: Ան գնահատեց կեդրոնի մարդասիրական եւ առողջապահական աշխատանքները, որոնք մեծապէս կը նպաստեն ընկերութեան կենսամակարդակի բարձրացման ու զարգացման:
Յայտնենք, որ «Լ՛Էօվր տ՛Օրիան» հաստատութիւնը անցնող տարիներուն նիւթապէս նեցուկ կանգնած է կեդրոնի զարգացման եւ նորոգութիւններու ծրագիրներուն: Այս առիթով, կեդրոնի տարեցներու ակումբի հայրիկները յուշանուէր մը յանձնեցին հիւրին` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:
Իր կարգին, տոքթ. Կոստան Եափուճեան Քաթրին Պոմոնին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ հաստատեց, որ նմանօրինակ կազմակերպութիւններու եւ բարերար անհատներու ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել առկայ տնտեսական դժուարութիւնները եւ ձեռնարկել բարեկարգչական ու զարգացման ծրագիրներու, որպէսզի կեդրոնը քայլ պահէ նորութիւններուն հետ եւ առաւելագոյն չափով ծառայէ հասարակութեան:


