Իսրայէլի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն Հափոյել Փեթահ Թիքվա նիւթական ծանր տագնապի մատնուած ըլլալուն պատճառով փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Անիկա պէտք էր նուազագոյնը 3,3 միլիոն ամերիկեան տոլար ապահոված ըլլար` Ա. դասակարգին մէջ մնալու եւ պահանջուած պիւտճէն ապահովելու համար:
Ֆետերասիոնին պահանջած պիւտճէն` երկրին հարուստ ակումբներուն համար, չորս անգամ աւելի է, քան ինչ որ կը պահանջէր անցեալին:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Հափոյել Քֆար Սաւա պիտի փոխարինէ Թիքվան, սակայն անիկա նոր տարեշրջանը (որ պիտի սկսի 20 օգոստոսին) պիտի սկսի 9 կէտով:


