Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԱՍԻՆ

August 3, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յառաջիկայ 18-20 օգոստոս 2011-ին Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ համասփիւռքեան համագումար մը` նուիրուած արեւմտահայերէնին: Համագումարին սկիզբը վեհափառը իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ համագումարի բոլոր նիստերուն ու մօտէն հետեւի համագումարի աշխատանքներուն:

Համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ յիսուն մտաւորականներ, գրողներ, ուսուցիչներ եւ խմբագիրներ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Համագումարին ծախսերը կը հոգայ «Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը: Վեհափառին գլխաւորութեամբ կազմակերպիչ յանձնախումբը անցնող տարուան ընթացքին լծուած էր իր աշխատանքներուն:

Անդրադառնալով համագումարի կարեւորութեան` վեհափառը շեշտեց, որ անիկա «սովորական համագումար մը պէտք չէ դառնայ, քանի մը օրերու վրայ տարածուած սոսկ քննարկումներով, մտահոգութիւններու արտայայտութեամբ, տեսակէտներու փոխանակումով սահմանափակուած: Անհրաժեշտ է քննարկումներէն անդին երթալ եւ յստակ որոշումներ տալ ու գործընթացներ ճշդել: Հո՛ս կը կայանայ համագումարի մը իմաստը եւ արժէքը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է բառին ամբողջական իմաստով: Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ այս տխուր իրականութեան դիմաց: Հաւաքական ճիգով ու ծրագրուած աշխատանքով պէտք է վերականգնումի ընթացք մը ճշդենք: Ա՛յս է նպատակը յիշեալ համագումարին»:

Յայտնենք, որ համագումարի ընթացքին արեւմտահայերէնին առնչուած շարք մը խնդիրներ պիտի քննուին զանազան տեսանկիւններէ դիտուած` նկատի առնելով սփիւռքի գաղութներուն տարբեր դրուածքները եւ դիմագրաւած իւրայատուկ պայմաններն ու դժուարութիւնները:

 

Նախորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐԸ` ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Յաջորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՄԻԱՆԱՆ ՉՈՐՍ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.