Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Դեսպան Ռիչըրտ Միլզը

February 25, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22415_24-1Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս երէկ  ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին եւ  իշխանութիւններուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուող զօրակցութեան համար:

Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը արտայայտած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի  ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն համար:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը մաղթած է, որ «Տիրոջ օրհնութեամբ նոր դեսպանին առաքելութիւնը աւելիով նպաստէ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման»:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իր կարգին ուրախութիւն յայտնած է հանդիպումին առիթով, ապա ներկայացուցած է հայ-ամերիկեան գործակցութեամբ իրականացուելիք ծրագիրներու շարքը:

«Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կողմէ  միջեկեղեցական փոխադարձ գործակցութեան շնորհիւ աշխարհի մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման ի նպաստ գործադրուող ջանքերուն, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ կազմակերպուող հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումներուն մասին», ըսուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան լրատու ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Վեհափառ հայրապետը դեսպան Ռիչըրտ Միլզին տեղեկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասին` առանձնացնելով 23 ապրիլին Մայր Աթոռին մէջ  տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը:

 

Նախորդը

Կալիփոլիի` Չանագգալէի «Յաղթանակը» 1915-ին

Յաջորդը

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Բարձր Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան  95-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում Եւ Պաշտօնական Ընթրիք
Գաղութային

Բարձր Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում Եւ Պաշտօնական Ընթրիք

November 16, 2026
ՀԲԸՄ-ի 120-Ամեակի Յոբելենական Նշում
Գաղութային

ՀԲԸՄ-ի 120-Ամեակի Յոբելենական Նշում

November 16, 2026
Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.