Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» ՆՇԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

March 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հրատարակչական աշխատանքը միշտ նկատած է իր համազգային առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը: Անցնող տասնամեակներուն վեհափառներու նախաձեռնութեամբ ու քաջալերանքով կարեւոր հրատարակութիւններ լոյս տեսած  են Անթիլիասի մէջ: Արդարեւ, թէ՛ մայրավանքի տպարանը, թէ՛ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը  եւ թէ՛ կաթողիկոսարանին մէջ հաստատուած հրատարակչական հիմնադրամները անցնող տարուան ընթացքին լայն գործունէութիւն ունեցած են հրատարակչական աշխատանքի իմաստով:

Խօսելով այս մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ գիրքը մեր Ս. աթոռին համար կը մնայ սրբազան արժէք: Հետեւաբար, հայ գիրքին տպագրութիւնը եւ տարածումը մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Հայ գիրքին արժէքը բազմակողմանի է, անոր տեղը հայ կեանքին մէջ առանցքային է եւ դերը` վճռական: Ահա թէ ինչու մեր Ս. աթոռին հայրապետները յատուկ կարեւորութիւն տուած են հայ գիրքին` հայ գիրք տպելով, ցուցահանդէսներ կազմակերպելով, հայ գիրքի տարածումը քաջալերելով: Նաեւ մենք կը փորձենք շարունակել մեր կաթողիկոսութեան յանձնառութիւնը այս ուղղութեամբ: Մայրավանքի տպարանը միշտ կը գործէ. «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը իր վաստակաշատ ու հայագէտ տնօրէնին` տոքթ. Զաւէն Եկաւեանին առաջնորդութեամբ գործնապէս կը քաջալերէ կաթողիկոսարանի հրատարակչական աշխատանքները. կաթողիկոսարանին մէջ հաստատուած հրատարակչական հիմնադրամները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը: Պիտի ուզենք, որ մեր մտաւորականները գիրք գրեն, ուսումնասիրութիւններ կատարեն, հրատարակութեան համար լուրջ գործեր պատրաստեն: Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու որակաւոր աշխատասիրութիւններու: Սակայն աւելին` մենք կ՛ուզենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները գիրք ունենան ու գիրք կարդան: Հայ տան կարեւոր անդամներէն մէկը պէտք է դառնայ հայ գիրքը: Գիրքը գրադարանները զարդարելու համար չէ, այլ` կարդացուելու համար. ան հոգեմտաւոր հարստացման աղբիւր է»:

Տպագրութեան առընթեր հայ գիրքի տարածումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար հիմնական մտահոգութիւն է: Այս գծով իբրեւ քաջալերանք հայ գիրքի տարածման, կաթողիկոսարանի հրատարակութիւնները անվճար կը տրամադրուին բոլոր հաստատութիւններուն ու դպրոցներուն եւ զանազան առիթներով` հայ մտաւորականներուն:

 

 

Նախորդը

8.9 ՌԻԽԹԸՐ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ԵՒ ՀՍԿԱՅ ՑՈՒՆԱՄԻ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ՃԱՓՈՆԸ

Յաջորդը

ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՎ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ` ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.