
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան վերջին նիստին ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարը լրջօրէն քննարկուած է` աւելցնելով, որ քննարկումները կեդրոնացան այդ ռազմավարութիւնը սահմանադրութեան համաձայն մշակելու կարելիութիւններուն վրայ:
Մաշնուք ընդգծեց, որ պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միացեալ ենթահող մը գտնել` աւելցնելով, որ այդ ռազմավարութիւնը կարիքը ունի պետութեան եւ ոչ թէ կուսակցութիւններու, «իսկ միացեալ ենթահող մը միայն պետութիւնը կրնայ ապահովել», ըսաւ ան:
Մաշնուք յայտնեց, որ երկխօսութեան յաջողութիւնը անոր գաղտնի ընթացքին մէջ է` շեշտելով, որ երկու կողմերը ճիգ չեն խնայեր համաձայնութիւններ գոյացնելու առումով:
Պատասխանելով բարձրաստիճան զինուորականներուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին հարցումի մը` Մաշնուք յայտնեց, որ նախքան նոր հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելը ոչ մէկ նշանակում պիտի ըլլայ` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի պաշտօնավարութիւնը պիտի երկարաձգուի:


