Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ՆԱՅԷ՛ ՀԱՄԵՄԱՏՈՂԻՆ

August 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Թուրքիոյ վարչապետի աչքին, լաւ երեւելու համար,  Հայաստանի հանդէպ հնչեցուցած է այնպիսի վիրաւորական արտայայտութիւններ, որոնք պէտք է ընդվզեցնեն բոլորս:

Հայաստանի նախագահը արդէն իսկ պաշտօնական բեմէ պատասխանած է Ալիեւին:

Համաձայն ըլլալով նախագահ Սարգսեանի բնութագրումներուն` չենք կրնար մեր կողմէ յաւելում մը չընել:

Ալիեւ, բաղդատելով մեր երկիրն ու ժողովուրդը Թուրքիոյ հետ` մեզ կը նկատէ փոքրիկ «մրջիւն» մը, իսկ Թուրքիան` հսկայական «փիղ», որուն դիմաց ինչպէ՞ս կարելի է համարձակիլ ձայն կամ ծպտուն հանել:

Ալիեւ, իր այս խռովքին մէջ մէկ բան մոռցած է: Հայաստանը` այս «փոքրիկ մրջիւնը», իր նիհարիկ ոտքերով ճզմած է Ազրպէյճանը, եւ մենք այսօր, ալիեւեան համեմատութիւններուն չափանիշով չենք կրնար գտնել այնպիսի կենդանի մը, որով կոչենք այդ «խելօք»ին երկիրը:

Այո՛, այս մրջիւնը այսօր կը դիմագրաւէ խնդիրներ, որոնց Ազրպէյճանի «հզօր» ղեկավարը մօտէն կը հետեւի, որպէսզի գտնէ յարմար պահը, երբ իր ուժերը պիտի բաւեն ծունկի բերելու այդ վտիտ կենդանին:

Արտագաղթի, տնտեսական ճգնաժամի պատճառած ցաւերը իրական են, դժբախտաբա՛ր: Ալիեւի պէս փտած համակարգի մը գլուխը կանգնած ապիկար ղեկավարէ մը մեր ինքնաստեղծ ցաւերուն մատնանշումը` իսկապէս կը վիրաւորէ մեզ եւ աւելի պէտք է վիրաւորէ Հայաստանի՛ ղեկավարները:

Ազրպէյճանի այս երկչոտ ղեկավարը, սակայն, որ «փիղ»ին կողքը կանգնած` ինքնամոռաց հերոսականութեամբ սպառնալիքներ կը յղէ Հայաստանին ու Ղարաբաղին, պէտք է անդրադառնայ, որ որքա՛ն ալ թուլացած ուզէ տեսնել այս «մրջիւն»ը, ինք տակաւին շա՜տ կ՛ուզէ անոր մահացու հարուածներուն դիմանալու:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ Է` ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.