Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի Յաղթարշաւը Այսօր Պէտք Է Վերսկսի

February 7, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

20615_nshmarԼիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանը սքանչելի ձեւով սկսած եւ երթի մրցումներուն բացառիկ արդիւնքներ արձանագրած ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին համար այսօր` շաբաթ, 7 փետրուարը պէտք է ըլլայ կարեւոր օր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ յաղթանակներու շարքին:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ դարձի մրցումները սկսաւ յաջորդական երկու պարտութիւններով:

Պատճառ պէտք չէ փնտռել, թէ ինչո՞ւ ատիկա տեղի ունեցաւ եւ կամ ատոր մէջ ո՞վ է յանցաւորը:

Ըսել, որ իրաւարարը յանցաւոր էր, հիմնական կազմը բացակայ մարզիկ ունէր, բախտը մեզի հետ չէր, ջղային կը մրցէին` արդարացի պատճառներ չեն:

Խումբին բոլոր մարզիկները իրենց դիմաց պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունին յաղթելու:

Յաղթանակի հասնելու համար պէտք է ճիգ թափել, կիրարկել խմբային խաղաոճ մը, կէտեր նշանակելու առիթները առաւելագոյն ձեւով օգտագործել, կազմակերպուած յարձակումներ կատարել, մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կեդրոնանալ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է տիրապետել մրցակիցին վրայ, եւ անշուշտ շարքը կարելի է շարունակել:

Խումբը շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ նոյն այս կազմով կարելի է տպաւորիչ արդիւնքները շարունակել, մինչեւ տարեշրջանին աւարտը:

Շատեր թերեւս հարց տուին եւ կամ այպանեցին, թէ ինչո՞ւ նախորդ ամիս ՀՄԸՄ չօժտուեցաւ նորեկ մարզիկներով, այնպէս ինչպէս ըրին միւս խումբերը:

Այժմու իր կազմով ՀՄԸՄ է՛ եւ պիտի մնայ մրցակից խումբերուն պատուհասը` իր կողքին ունենալով իր համակիրներուն բանակը:

Միասնաբար կարելի կ՛ըլլայ ձգտիլ լաւագոյնին, սակայն իւրաքանչիւրը մնալով իրեն վերապահուած սահմաններուն մէջ:

Իրաւարարներուն կամ մրցակից կազմին մարզիկներուն հասցէին ուղղուած հայհոյանքները կամ դէպի դաշտ նետուած իրերը (նոյնիսկ շիշի մը փոքրիկ կափարիչը), միայն ու միայն կ՛ըլլան ի հեճուկս խումբին եւ կը վնասեն անոր շահերուն:

Համակիրները պէտք է ըլլան քիչ մը աւելի զուսպ` նկատի ունենալով, որ անոնց արարքը իրենց վատ անդրադարձը կ՛ունենայ իրենց իսկ խումբին մարզիկներուն վրայ:

Այս բոլորէն մեկնելով` այսօր բոլորս պիտի մեկնինք դաշտ եւ քաջալերենք  ՀՄԸՄ-ը, որովհետեւ ամէն գնով երթի յաղթարշաւը պէտք է ԱՅՍՕՐ վերսկսի:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Յաջորդը

Յորդանանցի Օդաչուէն Ետք. ՏԱՀԵՇ Երեք Իրաքցիներ Հրկիզած Է

RelatedPosts

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան  13-րդ Լեւոն Արոնեան` 3-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 13-րդ Լեւոն Արոնեան` 3-րդ

November 12, 2026
Հարվի Սարաճեան Միացաւ  Հայաստանի Հաւաքականին
Մարզական

Հարվի Սարաճեան Միացաւ Հայաստանի Հաւաքականին

November 12, 2026
Բռնցքամարտ.  Վահէ Սարուխանեան  Եւ Արման Գալստեան` Տիտղոսի Մրցումին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Վահէ Սարուխանեան Եւ Արման Գալստեան` Տիտղոսի Մրցումին

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.