Հինգշաբթի, 28 յուլիսին, ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ գումարեց իր տարեկան համագումարը:
142 ակումբներէն քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 104-ը առաւելագոյն 289 ձայնէն 233 ձայնով իրենց վստահութեան քուէն տուին ֆետերասիոնին:
Խօսքեր արտասանեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ռայեֆ Ալամէ, նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Նախարար Քարամէ խոստացաւ իր ամէն կարելին ընել, որպէսզի դիւրացնէ եւ արագացնէ լիբանանցի ֆութպոլասէրներուն դաշտ վերադարձը` շատ արագ ժամանակամիջոցին:
Աւարտին, Հայտար յատուկ յուշանուէր մը նուիրեց նախարար Քարամէի:


