Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Հայաստանը Կրնայ Աւելի Շատ Պատրաստ Արտադրանք Արտահանել

January 26, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12515_ArdzvigԵւրասիական միութեան մէջ Հայաստանը կրնայ աւելի շատ պատրաստ  արտադրանք արտահանել:

Այդ մասին շաբաթ, 24 յունուարին, հանրապետութեան եւրասիական համարկումի հեռանկարներուն նուիրուած քննարկումին ընթացքին  յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, տնտեսագէտ Արծուիկ Մինասեան:

Եւրոպական Միութեան եւ ԱՊՀ-ին բաժին կը մնայ Հայաստանի արտահանման գրեթէ հաւասար մասնաբաժինը` 30-35 առ հարիւր: Այսուհանդերձ, արտահանման կառուցուածքը կատարելապէս տարբեր է: Եւրոպական Միութեան մէջ հիմնականին մէջ կ՛արտահանուի  հումքային արտադրանք` մետաղական հանքանիւթեր եւ խառնուրդաշատ պղինձ: Իբրեւ կանոն, սեփական վերամշակող արդիւնաբերութեան շահերէ մեկնելով, այդպիսի արտադրանքէ չեն հրաժարիր:

«Իսկ մեր պատրաստ արտադրանքի հիմնական մասը կ՛արտահանենք Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ: Այդ արտահանումը մենք կրնանք զարգացնել եւ ընդլայնել: Իսկ Պրիւքսէլը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չհրաժարի մեր հումքային արտահանումէն», ըսած է Մինասեան:

Եւրասիական միութեան անդամակցիլը բնաւ չի բացառեր Հայաստանի մէջ իրաւական բարեփոխումներու կարելիութիւնը, շեշտած է Արծուիկ Մինասեան:

«Ո՛չ Նազարպայեւը, ո՛չ Լուքաշենքոն, ո՛չ ալ Փութինը կրնան մեզի  արգիլել բարձրացնել մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանուածութիւնը եւ անոր միջոցով Հայաստանը գրաւիչ դարձնել արտասահմանեան ներդրումներուն համար: Այստեղ արդէն հարցը Եւրասիական տնտեսական միութեան այլ ղեկավարներու չի վերաբերիր,  այլ մեր ղեկավար օղակներուն», յատարարած է Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելէ ետք պիտի չկրճատուի՞ Հայաստան ներդրումներուն հոսքը, Մինասեան նկատել տուած է, որ ներդրողներուն որոշումը կախեալ է նախ եւ առաջ երկրին մէջ օրինականութեան մակարդակէն:

Երբ 2013-ին Հայաստանը օրակարգի վրայ չէր ներառած Մաքսային միութիւն մտնելը եւ եւրոպական համարկումի բանակցութիւններ  կը վարէր, որմէ ետք ալ բարձր վարկանիշով եւրոպական պարտատոմսեր հրապարակեց, ներդրումային աշխուժութեան նշանակալի պոռթկում չզգացուեցաւ:

«Այդ պատճառով միայն համարկումի ուղղութեամբ ներդրումները պայմանաւորելը ճիշդ չէ: Կարեւորը այն է, թէ երկրին մէջ օրէնքները ինչպէ՛ս կը պահպանուին», ընդգծած է Մինասեան:

Նախորդը

Հանդիպում Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ 24 Ապրիլին Երեւան Այցելելու Հարցը

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.