ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կատարած յայտարարութիւնները ողջունելի են եւ մտահոգութիւններ կը փարատեն: Ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանին` զինուորական եւ տնտեսական իմաստով, հետեւաբար երկկողմանի յարաբերութիւնները վտանգի չեն ենթարկուած:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ հերքեց Պրիթելի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի կեդրոններուն դէմ զինեալներու կողմէ կատարուած յարձակումին վերաբերող լուրերը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին առողջական իրավիճակը արդէն իսկ կայուն է, եւ ան բժշկական խնամքի ենթակայ պիտի մնայ քանի մը օրուան համար:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը վերածուած է ահաբեկիչներու եւ օրինազանցներու թաքստոցին եւ իբրեւ այդպիսին որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ, այնպէս ինչպէս էր պարագան Նահր Պարետի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Շատի Մաուլաուի Այն Հելուէ գաղթակայանը լքած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին առումով Հըզպալլայէն պահանջուած է վերջ տալ կարգ մը օրինազանցներու եւ ոճրագործներու հովանաւորութեան:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ներկայացուցիչ Ժան Ֆրանսուա Ժիրօ վերադարձած է Փարիզ` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին գծով ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրելէ ետք:
ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու մասին յայտարարութիւնները առեւանգողներուն կողմէ խաբկանքներ են:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները սկսած են խոր քննարկում կատարել` Լիբանանի Հանրապետութեան մասին:
ՄԱՐՈՆԻ շրջանակներու համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը ապարդիւն դուրս պիտի գայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ երկխօսութեան պայմանները տարբեր են, քան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ երկխօսութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ Հըզպալլա Քնայթրայի ռմբակոծումին պիտի պատասխանէ, եւ անոր պատասխանը բաւական խիստ պիտի ըլլայ:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կրնայ գործել այնպէս մը, որ Լիբանանի ազգային շահերը չվնասուին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան որոշումը կարելի պիտի ըլլայ տալ, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հրաժարի իր անձնասիրութենէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի նահատակներուն թափած արիւնը կը գծէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան սահմանները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պէտք է բոլոր ուժերուն համախմբումը ըլլայ եւ ոչ թէ այս կամ այն քաղաքական թէ յարանուանական թեւին պատկանի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը կը կասկածի եօթը ականուած ինքնաշարժներէ եւ փնտռտուքի լայն արշաւի ձեռնարկած է` զանոնք բացայայտելու եւ վնասազերծելու նպատակով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր դատապարտեց Պթատհիի մէջ գործուած ոճիրը եւ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը յստակ է` պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող յանցագործները դատական իշխանութիւններուն յանձնելու առումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ սպառնացած է քանդել Լիբանանը, ի՛նչ ալ ըլլան Քնայթրայի ռմբակոծումին դէմ տրուելիք պատասխանները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Եուսեֆ Խալիլ շեշտեց, որ Հըզպալլա Իսրայէլին դիմադրելու առումով բաւարար զինուորական կարողութիւններ ունի:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրան պէտք է պատասխանէ Քնայթրայի յարձակումին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի մաղթեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը ըլլայ դրական:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, Քնայթրայի դէպքին առումով նախարարական փոխըմբռնում եւ համագործակցութիւն արձանագրուած է:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց Հըզպալլայի յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական իրավիճակը վտանգի չենթարկելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Քնայթրայի գործողութեան հետեւանքները շօշափելի պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ կարելի չէ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն նախատեսել:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի հետ յաջորդ պայքարը պիտի ըլլայ պաղեստինեան հողերուն վրայ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ ինչպէս հաւատադրժողական ծրագիրը սիոնական ծրագիրն ալ պատժական է:


